Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊՊԱՍ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

August 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապպաս եւ Միքաթի բացումը կը կատարեն պաղեստինեան դեսպանատան

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ բացումը կատարեց Լիբանանի մէջ պաղեստինեան դեսպանատան` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Ժնահի մէջ գտնուող դեսպանատան վերեւ Ապպաս բարձրացուց պաղեստինեան դրօշը:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ապպաս յայտնեց իր անսահման ուրախութիւնը, որովհետեւ պաղեստինեան դրօշը կը ծածանի Լիբանանի երկնակամարին տակ եւ լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ:

«Մենք Լիբանանի հետ միասնաբար պիտի ուղղուինք ՄԱԿ` արժանանալու համար այդ կազմակերպութեան պաղեստինեան պետութեան անդամակցութեան: Այս դժուար օրերը մենք պիտի կարենանք դիմագրաւել եւ արաբական երկիրներուն ու աշխարհի մէջ տարբեր ազգերու զօրակցութեամբ պիտի կարենանք երկրագունդին վրայ վերածուիլ գնդասեղի մը», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ 122 պետութիւններ զօրակցին իրենց, որպէսզի անոնք հասնին իրենց նպատակին:

Ապպաս շեշտեց, որ իրենք երբեք չեն փափաքիր պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, այլ կ՛ուզեն, որ անոնց տունդարձի իրաւունքը գործադրուի:

«Կը հաւատանք, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զէնքի կարիք չկայ, որովհետեւ պաղեստինցի գաղթականները պաշտպանուած են Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին կողմէ: Այս առնչութեամբ մենք լիբանանցի մեր եղբայրներուն հետ երկխօսութիւն պիտի կատարենք` յանգելու համար փոխըմբռնումի», ըսաւ Ապպաս:

ՄԻՔԱԹԻԻ ՄՕՏ

Պաշտօնական դիմաւորում` վարչապետարանին մէջ

Միւս կողմէ, Մահմուտ Ապպաս երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հարցին վերաբերող զարգացումներ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի պաղեստինցիներուն եւ անոնց դատին արդար լուծման: Ան նկատել տուաւ, որ Պաղեստինի անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ընծայէ պաղեստինցիներուն` շարունակելու համար իրենց պայքարը:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ այդ քայլը ըլլայ առիթ մը, որպէսզի ամբողջ աշխարհին խիղճը արթննայ պաղեստինեան հարցին լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ:

Միքաթի նշեց, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի միջպաղեստինեան հաշտութեան բանակցութիւններուն վերսկսման` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բարելաւելու համար Լիբանանի մէջ ապրող պաղեստինցի գաղթականներուն իրավիճակը:

Միքաթի նաեւ ողջունեց Ապպասի` պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժող կեցուածքները, շեշտելով, որ այդ տեսակէտը լիբանանցիներուն սրտին կը խօսի:

Վարչապետը բարձր գնահատեց Ապպասի կատարած յայտարարութիւնները Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան մասին` նկատել տալով, որ ոչ մէկ համախմբումի պիտի արտօնուի խանգարել պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը:

«ՀԱՊԹՈՒՐ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ

Ապպաս իր կեցութեան վայրին` «Հապթուր» պանդոկին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան հարցին զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ պաղեստինեան գերիշխան պետութեան մը հիմնումին:

Ժեմայէլ Ապպասի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները:

Ապպաս հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ մաղթեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը վերածուի հիմնական պահանջի մը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Յաջորդը

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԻՒԸ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՆԳԻՍՏ ԿՐՆԱՅ ԹԱՒԱԼԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.