
Հայաստանեան «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Հայաստանի միջազգային դրամանիշերու պահեստները, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան տնօրինութեան տակ, դարձեալ սկսած են նուազիլ: Միայն այս տարուան յուլիս ամսուան ընթացքին մեր միջազգային պահեստները նուազած են աւելի քան 50 միլիոն տոլարով:
«Եթէ 1 յունիսի դրութեամբ մեր միջազգային պահեստներուն մէջ գոյութիւն ունէր 1 միլիառ 598 միլիոն տոլար, ապա 1 յուլիսի դրութեամբ` 1 միլիառ 546 միլիոն տոլար: Պահեստներու ամէնէն ցած մակարդակը այս տարի եղած է 1 փետրուարին` 1 միլիառ 261 միլիոն տոլար: Սակայն եւրօ պարտամուրհակներու հրապարակումէն ստացուած օտար դրամանիշը տեղափոխուեցաւ միջազգային պահեստներ: Այնպէս ստացուեցաւ, որ մեր արտաքին պարտքը աւելցաւ, սակայն աւելցան նաեւ միջազգային պահեստները: Հիմա մեր արտաքին պարտքը կը շարունակէ աճիլ, իսկ պահեստները, ատոր զուգահեռ, կը նուազին», կը գրէ օրաթերթը:


