
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Համահայկական 6-րդ խաղերուն մասնակցելու նպատակով պաշտօնական պատուիրակութիւններուն հետ Երեւան գտնուող կարգ մը քաղաքապետներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Ողջունելով հիւրերը` քաղաքապետը կարեւոր նկատած է Համահայկական խաղերու կայացումը եւ խաղերուն մասնակից երկիրներու ու քաղաքներու հետզհետէ ընդարձակուող աշխարհագրութիւնն ու պատուիրակութիւններու թիւի բարձրացումը:
«Եւ յատկապէս այս տարի, երբ համայն հայութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, Համահայկական խաղերու կազմակերպումը յատուկ խորհուրդ ունի մեզի համար:
Այս խաղերը, ըստ էութեան, մարզական մեծ տօն է, որ փոխադարձ կապերն ու գործակցութիւնը ընդլայնելու, աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները մէկտեղելու, իրարու հետ կիսուելու, մէկս միւսին յաջողութիւններով ուրախանալու հրաշալի առիթ կ՛ընձեռէ», յայտնած է Տարօն Մարգարեան` աւելցնելով, որ Երեւանի քաղաքապետարանը կարելին ըրած է ու կ՛ընէ, որպէսզի խաղերու բոլոր մասնակիցներուն համար ապահովուին թէ՛ մարզուելու, եւ թէ՛ ժամանցի կարելիութիւններն ու յարմարութիւնները:
«Այստեղ ներկաներէն ոմանց հետ նախկին առիթներ ունեցած եմ հանդիպելու: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք առաջին անգամ ըլլալով Երեւան կը գտնուին, յոյսով եմ` արդէն իսկ կրցած են զգալ մեր քաղաքին հիւրընկալ ջերմութիւնն ու հետագային կրկին կը ցանկան այցելել Երեւան: Ու վստահ եղէք, որ մեր դռները միշտ բաց են մեր բոլոր բարեկամներուն համար», նշած է քաղաքապետը եւ հանդիպման բոլոր ներկաները հրաւիրած է այս տարուան հոկտեմբերին կրկին այցելելու Երեւան` մասնակցելու «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութիւններուն:
Հանդիպման ներկայ Վանի համաքաղաքապետ Հատիճէ Չոպան` շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ իրենք եւս մեծ կարեւորութիւն կու տան մարզական եւ մշակութային մարզին մէջ համագործակցութեան ու անոր ընդլայնման: Ան նաեւ համոզում յայտնած է այն մասին, որ այդպիսի յարաբերութիւններ ինքնատիպ կամուրջ են ժողովուրդներուն միջեւ, եւ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել այդ կամուրջը ամրացնելու համար:
«Ինչպէս իմ, այնպէս ալ հոս գտնուող Տիգրանակերտի եւ Պիթլիսի քաղաքապետներուն անունով կ՛ուզեմ վստահեցնել ձեզ, պարոն քաղաքապետ, որ մենք պատրաստակամ ենք խորացնելու Երեւանի հետ մեր քաղաքներուն ու բնակիչներուն կապը` այդպիսով նաեւ փաստելով, որ մեր ժողովուրդները իրօք կրնան լաւ բարեկամներ ըլլալ: Մենք յստակօրէն կը գիտակցինք, որ անցեալի որոշ դաժան իրադարձութիւնները իրենց հետքը ձգած են: Բայց եւ այնպէս պէտք է ամրագրենք այն, որ ատիկա տուեալ ժամանակուան իշխանութիւններուն յանցանքը եղած է, եւ ոչ թէ ներկայ սերունդի զաւակներուն, որոնք իրօք պատրաստ են դրացիներուն հետ անկեղծ ու անշահախնդիր բարեկամութեան հաստատման: Ու մենք կարելին պիտի ընենք, որպէսզի մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ հաստատենք եւ ամրապնդենք բարեկամական սերտ կապերը: Համոզուած եղէք, պարոն քաղաքապետ, որ Երեւանէն կը վերադառնանք շատ ջերմ տպաւորութիւններով ու մեզի համար իսկապէս մեծ պատիւ պիտի ըլլայ օր մըն ալ ձեզ հիւրընկալել մեր մօտ», հաստատած է Վանի համաքաղաքապետը:
Հանդիպման աւարտին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վերահաստատած է գործընկերային կապերը ընդլայնելու Երեւանի քաղաքապետարանի պատրաստակամութիւնն ու բոլոր հիւրերուն մաղթած է հաճելի օրեր Երեւանի մէջ:


