Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Ընտրութեան Երկրորդ Հանգրուանի Մասին Դրոյթը Չի Հանուիր Սահմանադրութեան Նախագիծէն

August 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vartan_8-04-15

Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան նախանցեալ օր լրագրողներուն ըսաւ, որ  յանձնախումբը փոփոխութեան պիտի չենթարկէ հրապարակուած նախագիծին թերեւս ամէնէն վիճայարոյց հատուածը, որ կը վերաբերի խորհրդարանական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին եւ կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման:

Վենետիկի յանձնաժողովը, սահմանադրութեան նախագիծին հրապարակուած մասին վերաբերեալ իր նախնական գնահատականին մէջ առաջարկած է հանել այդ դրոյթը:

«Մենք այս պահու դրութեամբ չենք փոխած, եւ  Վենետիկի յանձնաժողովին հետ այդ հարցով լուրջ քննարկումներ պիտի ունենանք: Բայց ամէնէն կարեւորը, հաւանաբար, այն է, որ Վենետիկի յանձնաժողովը առաջարկուող լուծումներուն նկատմամբ բովանդակային առումով ոչ մէկ հակաճառութիւն ունի: Անոնք միայն կ՛առաջարկեն ամրագրել ընտրական օրէնսգիրքին, այլ ոչ թէ սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ Պօղոսեան:

«Մենք կրնայինք երկրորդ հանգրուանի գաղափարը սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու փոխարէն զետեղել ընտրական օրէնսգիրքին մէջ, եւ եթէ մասնագիտական յանձնախումբը հանրային կարծիքէն քողարկելու բան ունենար, ճիշդ այդ ճամբով ալ կ՛երթար եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ բանավէճերուն մէջ աւելորդ լարուածութիւն չէր մտցներ: Բայց յանձնախումբը այն կարծիքին է, որ ասիկա այնքան կարեւոր խնդիր է, որ պէտք է իր հիմնական գիծերով արտացոլումը գտնէ նախագիծին մէջ»:

Անդրադառնալով Վենետիկի յանձնաժողովի հիմնաւորման, թէ առաջին անգամ խորհրդարանական համակարգի անցում կատարող Հայաստանի համար անհրաժեշտութիւն չէ ընդօրինակել այն լուծումները, որոնք խորհրդարանական կառավարման երկարատեւ փորձ ունեցող Իտալիոյ մէջ միայն վերջերս ընդունուած են, Վարդան Պօղոսեան ըսաւ, թէ կ՛ուզեն խուսափիլ այն խնդիրներէն, որոնք ունեցած են այդ երկիրները: «Հայաստան չի կրնար  ունենալ այն շռայլութիւնը, որ կրնար յիսուն տարի առաջ ունենալ Իտալիան, կամ գրեթէ հարիւր տարի առաջ` Ֆրանսան: Մենք շատ զգայուն շրջանի մը մէջ կը գտնուինք, մենք անվտանգութեան մեծ խնդիրներ ունինք, կառավարութեան կայունութեան խնդիրը պէտք է լուծուի»:

 

 

 

Նախորդը

Վանի, Տիգրանակերտի Եւ Պիթլիսի Քաղաքապետները Պատրաստակամ Են Երեւանի Հետ Կապը Ամրապնդելու

Յաջորդը

Ռուսիոյ Բանակի Պատուիրակութեան Հայաստան Այցելութիւնը

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.