Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոքրամասնական Կառավարութեան Աջակցելու` Փոխան Արտակարգ Ընտրութիւններու

August 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեմիհ Եալչըն
Սեմիհ Եալչըն

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Սեմիհ Եալչըն երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցի, եթէ իշխող կուսակցութիւնը համաձայնի նոյեմբերին արտակարգ ընտրութիւններու կայացման:

Եալչըն յայտնեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած սովորական փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցինք, սակայն, եթէ փոքրամասնական կառավարութիւն կը նշանակէ ընտրական կառավարութիւն մը, պէտք է  ընտրութեան թուականը տեսնենք»:

«Կրնանք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմելիք փոքրամասնական կառավարութեան մը աջակցիլ` նոյեմբերին ընտրութիւններու կայացման պայմանով», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ազատական փաստաբանները դատ բացած են Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի դէմ, որովհետեւ վերջինս վիրաւորած էր ընտրութիւններուն ընթացքին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տուած մարդիկը:

Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատին դիմաց հաւաքուած իրաւաբանները նշած են, որ մինչեւ օրս երկրի թէ՛ իշխանական թեւը, թէ՛ ազգայնական կուսակցութիւնը վիրաւորած են քրտամէտ կուսակցութիւնն ու անոր արժէքները: «Սակայն այս վիրաւորանքները այնպիսի կէտի մը հասած են, որ վիրաւորանքներ կը հնչեն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տուած 6 միլիոն բնակչութեան նկատմամբ: Այսինքն, այս երկրին մէջ կայ երեսփոխան մը, խորհրդարանական մը, կուսակցութեան մը ղեկավարը, որ կը կանգնի եւ «անարգ» կ՛անուանէ միլիոնաւոր մարդոց: Ժողովուրդին մէկ մասը միւս մասին դէմ կը լարէ, կը դրդէ քինախնդրութեան եւ թշնամութեան: Ժողովուրդին մէկ մասը հրապարակաւ կը ծաղրէ», նշած է միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի ղեկավարը` ընդգծելով, որ իրենք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ձայն տալով, գործած են իրենց խիղճին համաձայն եւ պատուով:

Իրաւաբանները դատարան ներկայացուցած իրենց դիմումին մէջ դատ բացած են «վիրաւորանքի», «ժողովուրդը քինախնդրութեան եւ թշնամութեան դրդելու կամ ստորնացնելու» հիմնաւորումներով:

 

Նախորդը

Շին Պեթ Ձերբակալած Է Եկեղեցիի Մը Դէմ Յարձակումի Հարցով Կասկածուող Ծայրայեղական Հրեաներ

Յաջորդը

ՔԱԿ Անձնասպանական Գործողութեամբ Մը Աւելի Քան 50 Թուրք Զինուորներ Սպաննեց

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.