Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 15 ՄԱՐՏ 1961 )

March 15, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱԼԷՊԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

 

Փետրուար 25-ին, Հալէպի «Ճումհուրիէ» սինեմայի բեմին վրայ, Հալէպի Համազգայինի թատերասէրներու  նորակազմ խումբը տուած է իր անդրանիկ ձեռնարկը` ներկայացնելով Շիրվանզադէի «Նամուսը», մասնակցութեամբ 50 դերակատարներու: Խումբը ղեկավարած է Սարգիս Գոչեան, որ կարողացած է գլուխ հանել այդ դժուարին գործը եւ սիրաշահած հալէպահայ թատրոնի սիրահարներուն համակրանքը:

Գլխաւոր դերակատարները կրցած են յաջողութեամբ խաղալ իրենց դերերը` ապահովելով կարեւոր յաջողութիւն մը:

 

ԶԱՐԵՀ ՊԼՊՈՒԼ ՄԵՌԱԾ Է
ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ

Երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք փետրուար եօթին, մեռած է բանաստեղծ Զարեհ Պարոնեան (Պլպուլ), որ կ՛ապրէր Պուքրէշ:

Զարեհ Պլպուլ գնահատուած եւ նուիրուած դաստիարակ մըն էր նոյնքան ծանօթ բանաստեղծ մը:

Արտակարգ հեզութեամբ եւ աշխատելու կամքով  օժտուած այս ուսուցիչը, իր աննման բարեսրտութեամբ ճանչցուած այս մարդը մինչեւ իր վերջին օրը սիրուած եւ յարգուած մնաց թէ՛ իր աշակերտներէն, թէ՛ պաշտօնակիցներէն եւ թէ՛ բոլոր այն քաղաքներուն մէջ (Ատաբազար, Պոլիս, Ռուսէ, Սիլիսարէ, Պուքրէշ եւ այլն), ուր պաշտօնավարեց ան, միշտ իր ետին ձգելով քաղցրաբարոյ եւ հեզահամբոյր մարդու մը  յիշատակը:

Զարեհ Պլպուլի բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են մէկէ աւելի գրքոյկներով:

ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏ ՄԸ
ՆՈՐ ՁԵՒԻ ՕԴԱՆԱՒ ԿԸ ՇԻՆԷ

Լոս Անճելըսի մեր երիտասարդ ընկերներէն Վարդան Ֆընտըգեան, որ օդանաւային ճարտարագիտութիւն ուսած է, օդանաւային ծանօթ ընկերութեան մը կողմէ յանձնարարութիւն ստացած է շինելու նոր ձեւի օդանաւ մը, որ ժամը երկու հազար մղոն արագութիւն պիտի ունենայ:

Վարդան Ֆընտըգեան խորհրդային բռնութենէն խուսափած նախկին տարագիրներէն է, օժտուած, շնորհալի երիտասարդ մը, որ յամառ աշխատանքով յաջողեցաւ պատուաբեր դիրքի հասնիլ: Ան զաւակն է Ներսէս եւ Իսկուհի Ֆընտըգեաններուն, որոնք արժանի են շնորհաւորութեան ինչպէս եւ իրենց արժանաւոր զաւակը, կը գրէ «Հայրենիք»:

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԻԱՑԱԾ Է
ՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Գրած էինք, թէ մեծանուն հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան Վիեննա հրաւիրուած էր Վիեննայի «Ֆիլհարմոնիայի» կողմէ: 31 թղթակիցներ շրջապատած են զինք օդակայանին մէջ եւ հարցումներու տարափ մը ուղղած անոր: Խաչատուրեան պատասխանած է այդ հարցումներուն զուարճախօսութեամբ:

Թղթակցի մը հարցումին` «քանի՞ գործ արտադրած էք» կը պատասխանէ.- մաթեմաթիքի եւ ֆիզիքի ուսանող եղած ատենս սկսած եմ յօրինել, եւ որովհետեւ այն ատեն չէի գիտեր, թէ «քոմփոնիստ» մըն եմ, այն ատեն գործերուս վրայ թիւ չեմ նշանակած եւ յետոյ այնպէս ալ մնացած են:

Ուրիշ թղթակցի մը պատասխանելով` Խաչատուրեան ըսած է.- ժողովրդական երաժշտութիւնը օգտագործած չեմ գործերուս մէջ, այլ անոնք գրգիռ եղած են անձնական երեւակայութեանս զարգացումին համար:

Ճազը կը հաւնի՞ք, կը հարցնէ մէկը: «Եթէ ճազ ըսելով լոկ ներդաշնակութիւն եւ աղմուկը հասկցուի, չեմ հաւնիր, սակայն կը գնահատեմ երբ ներդաշնակութիւն կը միանայ մեղեդիին»:

Ոչ թէ շաբաթներ, այլ ամիսներ առաջ սպառած են տեղի ունեցած «քոնցերթ»ին տոմսերը: Հսկայ սրահը իր օթեակներով եւ յարակից նրբանցքներով բերնէ բերան լեցուած է:

Թղթակից մը Վիեննայէն ի միջի այլոց կը գրէ «Յառաջ»ի.-

Ու ահա բուռն ծափահարութիւն մը կը ծանուցանէ վարպետին երեւումը բեմին վրայ: Աչք ու ականջ ենք կտրած: Հրաշալի սկզբնաւորութիւն մը արդէն կը յայտնէ մեծ ղեկավարի մը ներկայութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ «Հեղինակ մը չի կրնար իր հեղինակութիւնը ղեկավարել»: Արամ Խաչատուրեան ապացուցեց, որ իր հեղինակութիւնները ինքը միայն կրնայ լաւագոյնս ղեկավարել:

Ամբողջ սրահը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի նուագին, որ մերթ կը սաստկանայ, կը բարձրանայ ու կը պոռթկայ անհուն ուժգնութեամբ եւ մերթ կը մեղմանայ ու կը նուազի անպատմելի նրբութեամբ: Եղանակներու մէջէն դուրս կը ցայտէ «Կովկասեան» ժողովուրդներու յատուկ քնքշութիւն մը, որուն գլխաւոր եղանակները ունին հայկական ու վրացական գոյն – երկու քոյր ազգեր, դարերով միասին ապրած ու յաճախ նոյն բախտն ունեցած:

Փառահեղ է վերջաւորութիւնը. որոտընդոստ ծափողջոյններն անվերջանալի վայրկեաններ կը տեւեն եւ կրկին ու կրկին բեմ կը հրաւիրեն Խաչատուրեանը: Ուրեմն Վիեննայի ժողովուրդը, որ միշտ բծախնդիր ու դժուարահաճ եղած էր իր գնահատանքին մէջ, ո՛չ միայն կը գնահատէր, այլեւ կը հիանար հայ երաժիշտին ու ղեկավարին վրայ: Իրաւունք չունի՞նք հպարտ ըլլալու:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 865 14/03/2011

Յաջորդը

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՌՈՒՑԵԱԼ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԼՕՌԵՐՈՒ ԼՃԱԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՈՒՄ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ՋԵՐՄԱՆՈՑԱՅԻՆ ԿԱԶԵՐՈՒՆ ՀՍԿԱՅ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.