Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

August 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

lis-2_8-03-15

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 32-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

lis-1_8-03-15

ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գառնի Քենտիրճեան:

Ան ներկայացուց Լիզպոնի գործողութեան նախօրեակին տիրող կացութիւնը, ուր համաշխարհային կարծիքը կը մերժէր ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ կը ժխտէր Ցեղասպանութեան հասկացողութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Լիզպոնի գործողութեամբ պիտի պահանջուէր արդարութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Մենք` իբրեւ երիտասարդներ, պէտք է օրինակ առնենք այս հինգ առիւծներէն, բոլորիս մէջ պէտք է արթննան անձնուիրումի եւ անձնազոհութեան գաղափարները»:

Ապա, ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստած տեսերիզը, որ կը ներկայացնէ Լիզպոնի գործողութիւնը, մարտիկներուն պատգամը եւ սփիւռքի ու միջազգային անդրադարձները:

Այնուհետեւ, Յովնան Քէշիշեան ներկայացուց Լիզպոնի մարտիկներուն նուիրուած երգ մը, որմէ ետք Կրէյս Գալուստեան եւ  Միրնա  Գասամանեան հանդէս եկան ասմունքով:

lis-3_8-03-15

Օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց  հինգ երիտասարդներուն վճռակամութիւնը` ըսելով, թէ անոնք կրնային կառչիլ իրենց անձնականին, ընտրել օտարացումի ուղին, սակայն անոնք որոշեցին քալել դէպի գագաթ` ճզմելով իրենց եսը եւ խօսքի փոխարէն գործի լծուելով:

Ան անդրադառնալով Լիզպոնի մարտիկներուն ըսաւ. «Պարզ երիտասարդներ էիք դուք, աշխատաւոր ու ճակտի քրտինքով ձեր կեանքը վաստակող երիտասարդներ, մեր ժողովուրդի տագնապներն ու տառապանքը ամէն օր համտեսող երիտասարդներ, հայրենիքէն հեռու ծնած, հայրենիքի սիրով ապրած այրող հոգիներ»:

Ան շարունակեց ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս օրերուն, երբ կը հաւաքուինք Լիզպոնի հերոսութեան 32-րդ նշումին առիթով, ու մեր աչքերուն առջեւ դարձեալ կը տողանցեն թշնամիի դեսպանատան գրաւումն ու պայթեցումը ներկայացնող պատկերներ, վերյիշումին զուգահեռ ու անկէ անդին` պարտաւոր ենք վերադառնալ նաեւ գէթ վերջին 100-ամեակին մեր դատի հետապնդման ճանապարհին մէկէ աւելի հանգրուաններով դրսեւորուող եւ յեղափոխական աւանդներով ուժի արտայայտութիւններ եղող, ոճով տարբեր, սակայն խորքով նոյն նպատակին ու թիրախին ուղղուած հարուածներուն»:

Բագրատունի իր խօսքին աւարտին կոչ ուղղեց երիտասարդներուն ըլլալու գործունեայ եւ պահանջատէր` Հայաստանի, սփիւռքի, գրաւեալ հողերու թէ համալսարանի գրասեղաններուն վրայ:

Ապա, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամները ներկայացուցին 2 երգ, որմէ ետք Կրէյս Գալուստեան եւ Միրնա Գասամանեան ներկայացուցին «Յարգանք քեզ» ասմունքը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

 

 

Նախորդը

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգիին Համար

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.