Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգիին Համար

August 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ners-1_8-03-15

Կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ժեհթաուիի Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար` անոր մահուան քառասունքին առիթով:

Ս. պատարագը մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեան` ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ: Իսկ արարողութեան նախագահեց եւ օրուան խօսքը փոխանցեց Մանուէլ եպս. Պաթագեան` վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:

Երգեցողութիւնը կատարեցին «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը եւ «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը միասին:

Գերապայծառը իր խօսքին մէջ վերյիշեց երջանկայիշատակ պատրիարքը, մանաւանդ անոր հոգեւոր յատկութիւնները եւ ըսաւ, թէ ան «հոգեւոր կեանքը կը նկատէր իբրեւ կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու առաքելութեան արդիւնաբերութեան: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել, թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ Քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ` առանց աղօթքը  դարձնելու իր կեանքին բեւեռը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար իր հաւատարմութեամբը Ս. պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր աստիճանի բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան նկատմամբ` զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը»:

Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալները ցաւակցութիւններ յայտնեցին գերապայծառ հօր:

Նշենք, որ նոյն օրը աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած` երջանկայիշատակ վախճանեալ հոգեւոր տիրոջ հոգւոյն համար:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը Կը Շարունակուի Սարդարապատի Եւ Ծիծեռնակաբերդի Խորհուրդներով

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.