Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը Կը Շարունակուի Սարդարապատի Եւ Ծիծեռնակաբերդի Խորհուրդներով

August 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bad-1_8-03-15

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումը արդէն իսկ թեւակոխած է իր հինգերորդ օրը` հետզհետէ զարգացնելով պատանիներուն եւ իրենց հայրենիքին միջեւ գործնական ծանօթացումը, նոր յոյսեր եւ երազներ սփռելով անոնց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Այսպէս, բանակումի չորրորդ օրը պատանիները իրենց առաւօտեան դրօշակի արարողութեան եւ կարգապահական օրակարգերը ամբողջացնելէ ետք, ուղղուեցան Սարդարապատ, ուր ամբողջ ժամուան մը տեւողութեան ընթացքին ծանօթացան թանգարանի հարստութիւններուն` լսելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, հայ կամաւորական գունդերու կազմութենէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: Ապա «Սարդարապատ» յաղթերգով անոնք մեկնեցան` խոստանալով շարունակել յաղթանակ կերտած ժողովուրդի պայքարը:

Ապա, անոնք այցելեցին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճար ու ճաշելէ ետք հասան իրենց բանակավայրը` շարունակելու իրենց աշխատանքը: Կէսօրէ ետք, պատանիները ունեցան երգեցողութեան օրակարգ, լսեցին «Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման բաղկացուցիչ տարրերը» նիւթով դասախօսութիւնը, որուն դասախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեան: Ուշ երեկոյեան, անոնք իրենց դրօշակի արարողութենէն եւ ընթացիկ օրակարգերէն ետք ունեցան ռատիօ-խաղի օրակարգ` նախորդող օրուան օրակարգերուն եւ շրջաններու այցելութիւններուն շուրջ:

bad-2_8-03-15

Բանակումի հինգերորդ օրը պատանիները ուղղուեցան Ծաղկաձոր, այցելեցին Կեչարիսի վանական համալիր, որմէ ետք ուղղուեցան Սեւանայ վանք եւ իրականացուցին Սեւանայ լիճին մէջ լողալու իրենց երազը: Կէսօրուան ճաշէն ետք, պատանիները բանակավայրին մէջ ունեցան զրոյցի օրակարգ` նիւթ ունենալով «Սփիւռք-հայրենիք կապը դաշնակցական պատանիին համար»: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ Հայաստանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինէն Սիմոն Գաֆալեան: Երեկոյեան, պատանեկան դաստիարակչական յանձնախումբը պատրաստեց եւ ներկայացուց ռատիօ-խաղ` օրուան օրակարգերուն դաստիարակչական գիտելիքներուն շուրջ:

Ուշ երեկոյեան, խարոյկի աւանդական մթնոլորտին ընթացքին, անոնք «Դաշնակցական պատանին եւ իր հայրենիքը» նիւթով փոխանակեցին իրենց ապրումները հայրենիքի մէջ անցուցած իրենց հինգ օրերուն շուրջ, յայտնեցին իրենց զգացումները իրենց կատարած այցելութիւններուն շուրջ եւ արտայայտեցին նոր յոյսեր ու երազներ հայրենիքին նկատմամբ` երեկոն աւարտելով յեղափոխական երգերու երգեցողութեամբ:

 

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Փակման Արարողութիւնը

Յաջորդը

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգիին Համար

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.