Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աչքը Կապելով Կամ` Վախցնելով

August 4, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անգարայի դիւանագիտութիւնը երկու մարտավարական խաղերն ալ վարպետօրէն յառաջ տանելու համբաւ ունի:

Արեւմուտքի աչքը կապելով կամ անոնց անկառավարելի իրավիճակներու մղձաւանջը ներշնչելով, Թուրքիա իր օրակարգի կարեւորագոյն հարցը կը լուծէ` ապահովելով արեւմտեան ուժերու գործակցութիւնն ու մեղսակից լռութիւնը:

«Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու միջազգային դիմումներուն դիմաց ամիսներով խուլ ականջ մնացած Թուրքիան, յանկարծ, ինչ-ինչ նկատառումներով, կը սկսի այդ չարիքին դէմ մղուած պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու:

Թուրքիոյ հետապնդած նպատակը այնքա՛ն պարզ է, որ դժուար թէ Անգարան նոյնիսկ զայն թաքուն պահելու ճիգ թափէ: Անգարայի վարպետութիւնը կը կայանայ այն փաստին մէջ, որ իր մեղսակցութեամբ ստեղծուած կացութեան մէջ Արեւմուտքին ուրիշ հնար չի ձգեր` բացի` ձեռամբարձ ընդունելէ իր պայմանները, որոնք իրեն կարելիութիւն պիտի տան`

turis_8-04-15

– Հաշուեյարդարի ենթարկելու քրտական զինեալ եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը` իր սահմաններէն ներս, թէ դուրս,

– Սուրիոյ մէջ «ապահով գօտի» ստեղծելով` իր կրունկները այդ երկրի տարածքին վրայ պահելու շուրջ միջազգային համաձայնութիւն ձեռք բերելու,

– Արեւմտեան միջազգային հանրութեան ներկայանալու` իբրեւ միակ ազդեցիկ ուժը այդ տարածաշրջանին, որ կրնայ սանձել մինչ այժմ անսանձելի պատկերուած «Իսլամական պետութիւնը»:

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Թուրքիան իր «բարի կամքի» այս քայլին փոխարէն, ամբողջականօրէն ազատ պիտի ըլլայ ամէն բռնամիջոց գործադրելու` ձերբազատուելու համար իր ամէնէն մեծ մղձաւանջէն` քրտական անկախ պետութեան մը ստեղծումէն:

Իսկ Արեւմուտքը գիտակցաբար պիտի կապէ իր աչքերը եւ նոյնիսկ երախտագիտաբար պիտի հատուցէ Անգարայի «գործակցութիւն»-ը:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Ազրպէյճանը Նմանցուց Հիւսիսային Քորէային

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Միջամտե՞լ Թէ Միջամուխ Ըլլալ

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.