ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայկական հարցի հետ հեռուէն կամ մօտէն առնչուած որեւէ յօդուած կամ ուսումնասիրութիւն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է հայ մամուլին: Այդ գրութիւններուն մէջ առանձին կարեւորութեան կ՛արժանանան քիւրտ-թուրք առնչութիւններ արծարծողները` յուսալով, որ հոն հայոց ի նպաստ քանի մը տող կարելի կ՛ըլլայ գտնել:
Կը հաւատանք, որ այդպիսի բարեմտութեամբ «Ազդակ»-ի 7 յուլիսի 2015 թուակիրի 5-րդ էջին վրայ հրատարակուած է «Քրտերը տեղ չունեն Թուրքիայի ակադեմական ոլորտում» հարցազրոյցը, արտատպուած` «ՍԻՎԻԼՆԵԹ»-էն: Հարցազրոյցը «հետազօտող» Այհան Ըշըքի հետ է, զոր վարած է Ալին Օզինեան:
Հարցազրոյցի քննարկումը չէ, որ կ՛ուզենք կատարել: Ընթերցողը ինք անմիջապէս կ՛անդրադառնայ անոր այժմէականութեան ու շահեկանութեան աստիճանաչափերուն: Ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ, քիւրտ «հետազօտող» Այհան Ըշըքի դաւադիր տարազումներն են, որոնք «Ազդակ»-ի կողմէ ընթերցողին կը ներկայացուին առանց իսկ նուազագոյն նկատողութեան կամ դիտողութեան:
Կարդացէք, զի շա՜տ «պատմագիտական» է.
«ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ընդամէնը 30 տարի առաջ պետութիւնը ժխտում էր քրտերի գոյութիւնը, հիմա ինչպէ՞ս կարող է նման բան թոյլ տալ (ակնարկութիւնը քիւրտերու կողմէ տարուած պատմագիտական աշխատանքներու ու հրատարակութիւններու մասին է, (Ե.Հ.Ք.):
«ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛, այո՛: Այժմ կամաց-կամաց պատմութիւնը դառնում է փոքր-ինչ քրտակեդրոն, քննւում է քրտերի տեսանկիւնից: Որպէս պատմաբան` երկար ժամանակ քննում էինք այս հարցը:
«Հիմա ուսանողը գտնում է մի նոր սկզբնաղբիւր, որը, այսպէս ասած, քրտակեդրոն է, քրտերի օգտին է: Այն տարածքը, որն ասում ենք`
«Քրտստան կամ Արեւմտեան Հայաստան` այստեղ հազարաւոր տարիներ ապրել են քրտերը, հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ` թուրքերը (ընդգծումը մեր կողմէ, Ե.Հ.Ք.): Ցաւօք, այս բոլոր ժողովուրդները պատմութիւնը շարադրում են ազգային միատարր պետութեան եւ ազգայնականութեան շրջանակներում»:
Ուրեմն` Քրտստան ԿԱՄ Արեւմտեան Հայաստան:
«Հետազօտող», «պատմաբան» Այնհան Ըշըքի «հետազօտութիւնը» կը միտի անոր, ինչին` իր հայրերն ու մեծ հայրերը դարեր շարունակ հետապնդեցին իբրեւ քոչուոր ժողովուրդ` թափանցելով, առեւանգելով, բռնաբարելով, կողոպտելով, աւերելով, հրկիզելով ու կոտորելով, միշտ «եոլտաշ» թուրքին հետ, ու յաճախ` անոր աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ… տիրանալու Արեւմտեան Հայաստանին: Այդ ի՞նչ ԿԱՄ է, որ «հետազօտող», «պատմաբան» Այհան Ըշըք գտեր է Փոքր Ասիոյ աշխարհագրութեան պատմութեան մէջ:
Եւ դեռ` «հետազօտող», «պատմաբան» Այհան Ըշըքի արտառոցութիւնը: Ուրեմն`
«Քրտստան կամ Արեւմտեան Հայաստան` այստեղ հազարաւոր տարիներ ապրել են քրտերը, հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ` թուրքերը»:
Ժողովուրդներու անուններուն հերթականութեան նայելով` Այհան Ըշըքի «հետազօտութիւնը» կը յայտնաբերէ, որ քիւրտերը նախաբնիկներն են Արեւմտեան Հայաստանի, իսկ հայերը, ասորիները… եկուորներ:
«Հետազօտող» «պատմաբան» Այհան Ըշըքը քաջատեղեակ պիտի ըլլայ, այլապէս ի՛նչ «հետազօտող», որ քիւրտերու նախահայրենիքը Իրանի Պարսք (Ֆարս) նահանգի հիւսիսային շրջանն է: Արաբական խալիֆայութեան աշխարհակալական սահմաններուն ընդարձակուելէն ետք քիւրտերը կը թափանցեն հիւսիսային Միջագետք եւ կ՛ընդունին իսլամութիւնը: Իսկ սելճուքեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին` 11-12 դարերուն, կը հաստատուին Հայաստանի հարաւային նահանգներուն մէջ` Հայկական Միջագետք, Աղձնիք, Կորճայք: Այդ ե՞րբ էր, որ քիւրտեր «հազարաւո՜ր տարիներ» եղած են Արեւմտեան Հայաստանի բնակիչ:
Բայց որպէսզի «պատմաբան» Այհան Ըշըք առանձին չձգէ քիւրտերը, ձեռք կ՛երկարէ թուրքերուն, որոնք նոյնպէս «հազարաւոր տարիներ» բնակիչները եղած են Արեւմտեան Հայաստանի: «Բանաւոր պատմութիւն հետազօտող» Այհան Ըշըք ուրկէ՞ այսքան հեքիաթ հաւաքեր է:
Եւ առանց խպնելու` պատմութեան անգիտակ «պատմաբան» Այհան Ըշըք կը գրէ. «Ցաւօք, այս բոլոր ժողովուրդները պատմութիւնը շարադրեր են ազգային միատարր պետութեան ու ազգայնականութեան շրջանակում»:
Հապա՞… հայերն ու ասորիները ցարդ կեղծեր են պատմութիւնը, եւ հետազօտող պրն. Ըշըքը եկեր է «ԼՈՅՍ» արձակելու պատմութեան անծանօթ էջերուն, ցոյց տալու… որ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկները քիւրտերն են, ի՜նչ փոյթ, թէ թուրքեր մրցին իրենց հետ այս հողի վրայ` պրն. Ըշըքի բարեհաճ արտօնութեամբ:
Այլ տեղ Այհան Ըշըք կը գրէ.
«Ես ուսումնասիրում եմ, թէ ինչպէ՛ս էին քիւրտ գործիչները նայում (1894-1896 թթ. Համիտի` Համիտիէ գունդերով կազմակերպած) կոտորածներին, հողային խնդիրներին, ինչպէս էին առհասարակ վերաբերում Արեւմտեան Հայաստանի կամ Քրտստանի խնդրին: 1908-1914 թթ. ընթացքում համեմատաբար հանգիստ քննարկում էին մամուլում»:
1908-1914 թթ. «մամուլում» հարցերը «համեմատաբար հանգիստ» քննարկողներէն մէկն էր Մեւլանզատէ Ռիֆ՛աթ, որ մէկ դարով կը կանխէ Այհան Ըշըքը իր «պատմագիտական» յայտնաբերումներով: 1913 թ., բանասէր Խաչատուր Լեւոնեան (1855-1915 թթ.) կը գրէ.
«Մենք` գաւառացի հայերս, խորին զարմանքով կարդացինք Սերպեսդիի խմբագիր Մեւլանզատէի ցեղաբանական այն արտառոց ենթադրութիւնը, որով ինք կը ճգնէր հաստատել, թէ հայեր քիւրտերէն ծագած են (?), եւ թէ` թերեւս քրտական թագաւորութեան մը անցեալն իրենց վերագրած են (?): Դարձեալ, խմբագիրի մը անվայել այս աստիճան անգիտակցութենէ մը վերջ, համարձակած էր մինչեւ իսկ գիտական ստուգաբանութիւն մըն ալ յերիւրել` ըսելով, թէ` Ուրարտու նոյն է Քուրտ կամ Քուրտու անունին հետ (?)» (տես` Խաչատուր Լեւոնեան, «Վան-Վասպուրական աշխարհը», Պէյրութ, 2013, էջ 66-73):
***
Հոս շատ հակիրճ յիշեցում մը:
«Հայաստան» աշխարհագրական տարազումի դէմ առաջին դաւադիր քայլը կ՛առնէ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տիզրայէլի, երբ Պերլինի վեհաժողովին Գերմանիոյ վարչապետ Պիզմարքի հետ համախորհուրդ, կը վերախմբագրէ Սան Սթեֆանոյի մէջ ստորագրուած ռուս-թրքական դաշնագրի 16-րդ յօդուածը: 16-րդ յօդուածի մէջ Հայաստանը կը յիշուէր որպէս երկրամաս Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Վերախմբագրուած 61-րդ յօդուածին մէջ «մոռացութեան» կը տրուի «Հայաստան»-ը, եւ անոր փոխարէն կը յիշատակուին հայաբնակ վայրեր: Այս դաւադրութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան կանաչ լոյսի ազդանշանը կը տրուէր Համիտի: Եթէ Հայաստան չկայ, ալ ի՛նչ հայ ժողովուրդ, որ ազգային պահանջ ունենայ: Քիչ ետք Մեծն Բրիտանիա Արեւմտեան Հայաստան առաքած իր հիւպատոսները «Քիւրտիստանի հիւպատոս» կը ճանչնար: 1879 թ. յունիսի 25-ին Կ. Պոլսոյ Ազգային ժողովը կը քննէ Ներսէս պատրիարքի առաջադրութիւնը` Անգլիոյ դէմ բողոքի բանաձեւ ընդունելու մասին, քանի որ անգլիական իշխանութիւններ Էրզրումի հիւպատոսութիւնը Քիւրտիստանի գաւառական հիւպատոսութիւն անուանած էին:
Իսկ թուրք քաղաքական գործիչ Քեամիլ Մեհմետ փաշա (1838-1912 թթ.), որ չորս անգամ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած էր, 1879 թ. թուղթին յանձնած իր մտորումներուն մէջ կը գրէ. «Հիմա, այսօր, գոնէ Անգլիոյ շահերը կը պահանջեն, որ Փոքր Ասիայի (մենք եւ Անգլիան «Հայաստան» բառը ոչ միայն չենք ճանչնար, այլ այդ անունը արտասանողներու կզակները պիտի ջախջախենք) մեր ունեցած երկիրները ազատ մնան օտարի միջամտութենէն»:
Անգլիոյ համար Քիւրտիստանի ստեղծումը աւելի նպաստաւոր էր` Ռուսիոյ յառաջխաղացքը կասեցնելու:
Փաստօրէն Համիտի եւ երիտթուրքերու շնորհուած էր առիթն ու իրաւունքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրելու ու գործադրելու:
Ըստ երեւոյթին, «հետազօտող» «պատմաբան» Այհան Ըշըք ա՛յս պատմութիւնը անգիր սորված է:
Բայց կը մնայ հարցումը: Ինչպէ՞ս կարելի է նման յօդուած մը արտատպել` առանց լուրջ քննութեան, ճշդումի եւ դիտողութեան:
27 յուլիսի 2015, Պէյրութ


