Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովը Հրապարակեց Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Վերաբերեալ Իր Գնահատականը

August 1, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_Venice-Commission

Վենետիկի յանձնաժողովը, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդատուական մարմին է եւ կազմուած է սահմանադրական իրաւունքի անկախ մասնագէտներէ, հրապարակեց իր գնահատականը Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեան փոփոխութիւններու 1-7 գլուխներուն վերաբերեալ:

Մասնագէտները իրենց եզրակացութեան մէջ կ՛ողջունեն սահմանադրական բարեփոխումներու  յանձնաժողովի աշխատանքը` նշելով, որ «Վենետիկի յանձնաժողովին հետ բաց երկխօսութեան» շնորհիւ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարուած են բարեփոխումներու բովանդակութեան մէջ:

Միաժամանակ, Վենետիկի յանձնաժողովի մասնագէտները կ՛առաջարկեն փոխել որոշ դրոյթներ: Մասնաւորապէս, պէտք է հանուին քուէարկելու եւ Ազգային ժողովի թեկնածու ըլլալու սահմանափակումները:

Բացի ատկէ, մասնագէտները կ՛առաջարկեն հանել առաւել մեծ թիւով քուէներ ստացած կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու միջեւ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանի մասին դրոյթը:

Մասնագէտները կը նշեն, որ անհրաժեշտ է հանել նաեւ խորհրդարանին մէջ նոր խմբակցութիւններու   ձեւաւորման արգելքի մասին դրոյթը, որովհետեւ ատիկա կը սահմանափակէ պատգամաւորներու լիազօրութեան ազատութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի դատական իշխանութեան, քաղաքական մարմինները ոչ մէկ ձեւով պէտք է միջամտեն վճռաբեկ ատեաններուն մէջ  դատաւորներու հեռացման եւ նոր դատաւորներու եւ ատեաններու նախագահներու նշանակման ընթացակարգին:

Ամփոփելով, Վենետիկի յանձնաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն շարունակելու  երկխօսութիւնը բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ լայն աջակցութիւն ապահովելու  բարեփոխումներուն համար:

«Վենետիկի յանձնաժողովը ուրախ է շարունակելու  համագործակցութիւնը Հայաստանի  իշխանութիւններուն հետ այդ կարեւոր բարեփոխումներու հարցին մէջ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Նշենք, որ սահմանադրութեան նախագիծի 89/4 յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Եթէ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու առաջին հանգրուանի արդիւնքին մէջ կայուն խորհրդարանական մեծամասնութիւն չի ձեւաւորուիր, ապա տեղի կ՛ունենայ քուէարկութեան երկրորդ հանգրուան, որուն կը մասնակցին առաւելագոյն քուէներ ստացած երկու կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւններու դաշինքները»:

 

 

 

Նախորդը

Հայազգի Տնտեսագէտը Աշխարհի Վրայ Ամէնէն Հռչակաւորն Է

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հայ Երեսփոխանը Պահանջած Է Հետաքննութեան Սկսիլ Ատանայի Քաղաքապետին Դէմ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.