Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարզանի ՔԱԿ-ի Եւ Անգարայի Կոչ Կ՛ուղղէ Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

July 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մասուտ Պարզանի
Մասուտ Պարզանի

Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ՔԱԿ-ին եւ թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց` երկխօսութեան ձեռնարկելու եւ խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակելու: Ան ստեղծուած նոր կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ զգուշացուց «վառօդի հօտի» վերադարձէն:

Հասարակութեան ուղղուած իր ուղերձին մէջ Պարզանի նշեց, որ քիւրտ ժողովուրդին ակամայ մասնատումը ստեղծած է ցաւալի իրողութիւն մը, որուն փոփոխութեան համար արիւն հոսած է, «սակայն շնորհիւ այդ արեան եւ զոհողութեան, կրցանք մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանել»:

Ան նշեց, որ նախքան Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալը, «քիւրտ» եւ «Քիւրտիստան» բառերը եւ քրտական բոլոր խորհրդանիշները արգիլուած էին: «Մենք թրքական քաղաքականութիւնը չենք ճշդեր, ինչպէս նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վարած քաղաքականութեան համար պատասխանատու չենք», ըսաւ ան` շեշտելով. «Մեր կարողութիւնը պիտի տրամադրենք երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն եւ մերձեցում յառաջացնելու համար»:

Քրտական ինքնավար մարզի նախագահը նշեց, որ ՔԱԿ-ի նկատմամբ դիտողութիւններ ունի եւ ՔԱԿ-ը ամբաստանեց ինքնավար մարզի ներքին հարցերուն միջամտելուն եւ հիւսիսային Սուրիոյ ամբողջական կերպով տիրելուն համար:

«Խաղաղ պայքարը քուէատուփերու, գրիչի եւ քաղաքականութեան խաղաղ ճամբով շարունակելու մեծ առիթ մը գոյութիւն ունի», ըսաւ Պարզանի` նշելով. «Այն ինչ որ այս միջոցով կարելի է իրականացնել, կարելի չէ զէնքի ճամբով իրականացնել»: Ան առաջարկեց, որ Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մասնակցութեամբ համախոհական կառավարութիւն մը կազմուի` նշելով. «Այդ քայլը քիւրտերուն, Թուրքիոյ եւ շրջանին համար մեծ ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ»:

Ան նշեց, որ շրջանին մէջ մեծ պատերազմ մը գոյութիւն ունի, եւ շրջանի մակարդակին վրայ դաշնակցութիւնները պէտք է միջազգային դաշինքի կողքին ատոր մէջ մեծ դերակատարութիւն մը ունենան: «Մենք պատերազմներու եւ խնդիրներու կարիքը չունինք, եւ անհրաժեշտ է միասնաբար գործենք ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթը, անոր դրդապատճառներն ու հետեւանքները վերացնելու համար, ընդգծեց Պարզանի:

 

Նախորդը

2,7 Միլիոն Օտարերկրացիներ Կրնան Արտաքսուիլ Ռուսիայէն

Յաջորդը

Այսօր Թուրքիոյ Հրաւէրով ՕԹԱՆ-ի Ժողով

RelatedPosts

Արաղչի Այսօր Փաքիստան  Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի Այսօր Փաքիստան Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ

November 16, 2026
Զելենսքի. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ  Առաջարկեցին ՕԹԱՆ-ին Միանալուն  Դիմաց Իր Հողերը Ռուսիոյ Զիջիլ»
Միջազգային

Զելենսքի. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Առաջարկեցին ՕԹԱՆ-ին Միանալուն Դիմաց Իր Հողերը Ռուսիոյ Զիջիլ»

November 16, 2026
Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Թրամփ Փութինի Եւ Շի Ճինփինկի Հետ Իրանի  Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ,  Եւ Ոչ Թէ` Ուքրանիոյ Թղթածրարը
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Թրամփ Փութինի Եւ Շի Ճինփինկի Հետ Իրանի Թղթածրարը Պիտի Քննարկէ, Եւ Ոչ Թէ` Ուքրանիոյ Թղթածրարը

November 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.