
Վերջին օրերուն սահմաններուն վրայ լարուածութիւն կայ, կրակոցներու թիւը աւելցած է, հակառակորդը ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կը կրակէ, նաեւ օգտագործելով խոշոր տրամաչափի հրասանդներ: Այս մասին լրագրողներուն երէկ ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` հակառակորդին աշխուժութիւնը բացատրելով քանի մը տարբեր հանգամանքներով:
«Լարուածութեան վրայ կ՛ազդեն ներքաղաքական, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, նաեւ հակառակորդին մօտ ներքաղաքական եւ ներտնտեսական կարգ մը պայմանները», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:
Դիմելով հայ ժողովուրդին` նախարարը կոչ ուղղեց վստահ ըլլալու, որ հայկական բանակը կատարած է եւ պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը` ապահովելու հարազատներուն խաղաղութիւնը:
«Իրավիճակը թէ՛ Արցախի, եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կը վերահսկուի հայկական ստորաբաժանումներուն կողմէ: Այսօր հայ զինուորը ունի բարձր մարտական ոգի, հայկական բոլոր ստորաբաժանումները օժտուած են համապատասխան բարոյահոգեբանական վիճակով, եւ իրենց առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:


