Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԱԼՆԵՐԸ ՓԱԽՑՆԵԼՈՒ ԱՐԱՐՔԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ԵՒ ԱՆԻԿԱ ՈՒՂՂԱԿԻՕՐԷՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ Է ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

August 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին պահուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն,  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ Սեն Ժորժ նաւահանգիստէն Սուրիա զէնք փոխադրող յանցագործները ազատ արձակուած են:

Ան նկատել տուաւ, որ կրկնուած իրերայաջորդ սխալներն ու արգելափակեալները փախցնելու երեւոյթը հասած են քաղաքական մակարդակի: Զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ հարցը ուղղակիօրէն առնչուած է ներքին գործոց նախարարութեան:

Անդրադառնալով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի` ելեկտրականութեան տագնապի լուծման գծով ներկայացուցած օրինագիծին, զօր. Աուն յայտնեց, որ եթէ այդ օրինագիծին մէջ բացթողումներ նշմարող կողմեր կան, ապա անոնք պէտք է այդ մասին յայտարարեն, եւ եթէ անոնք իրաւունք ունին իրենց դիտողութեան մէջ, ապա կարելի է քննարկել անոնց կեցուածքը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ քրիստոնեաները կ՛ամբաստանէր համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մերժելու յանցանքով, «սակայն ըստ երեւոյթին Ժոմպլաթ ինք կը մերժէ համամասնական դրութիւնը», աւելցուց ան:

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՄԱՆՍՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Զօր. Աուն երէկ առաւօտեան Ռապիէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Մանսուր նկատել տուաւ, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը չի նշանակեր, թէ Լիբանան հրաժարած է պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի արդար պահանջէն:

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԲԱՆՏԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.