Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կիրակի ուշ գիշերին ձերբակալեց ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ 10 սուրիացիներ, որոնք հիւսիսային Պեքաայէն կ՛ուղղուէին դէպի արեւմտեան Պեքաա եւ Թրիփոլի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի յատկացուի գործելաոճի քննարկման:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի կոչ ուղղեց անմիջապէս ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար քրիստոնեայ համայնքի իրաւունքներուն խորհրդանիշը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ լիբանանեան որոշումով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու միակ լուծումը այն է, որ բոլոր երեսփոխանները ուղղուին խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն դաշնակցային դրութիւնը, որովհետեւ անիկա լիբանանցիներուն ձգտումներուն չի համապատասխաներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի եւ յարաբերութեան հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լուրջ կերպով կը քննարկուի Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ միջազգային եւ շրջանային մթնոլորտը այս հանգրուանին շատ դրական է եւ առիթ կ՛ընծայէ զայն օգտագործելու` լուծելու համար քաղաքական տագնապները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց լիբանանեան պետութեան շուրջ համախմբուելու եւ սահմանադրական ու զինուորական հաստատութիւնները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է ազգային ճնշում բանեցնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի` անդրադառնալով Ժորժ Ռիֆի սպանութեան, հաստատեց, որ հարցը կը կայանայ թմրեցուցիչի դէմ պայքարին մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելը դարձած է անհրաժեշտութիւն:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն նկատմամբ Պքերքէ կառչած կը մնայ իր կեցուածքին, յատկապէս այս հանգրուանին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը զօրակցի քրիստոնեայ համայնքի Ա. ներկայացուցիչին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք կրնան փողոց վերադառնալ եւ իրենց շարժումը տարբեր ձեւերով շարունակել` սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի վերեւ թռիչքներ կատարած է` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւններուն դէմ:

 

 

Նախորդը

Իրանի Դեսպան. «Հետամուտ Պիտի Ըլլանք Հասան Ռուհանիի` Հայաստան Այցելութեան»

Յաջորդը

«Սուքլին» Կասեցուցած Է Աղբերը Հաւաքելու Աշխատանքը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.