Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորժ Ռիֆի Սպանութիւնը Կը Ցնցէ Լիբանանը Եւ Ընդվզումի Հսկայ Ալիք Մը Կը Յառաջացնէ

July 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-19-15_george-rif

Անցեալ շաբաթավերջին զուգադիպած Ֆիթրի տօնին զուգահեռ, Լիբանան ապրեցաւ սուգի եւ ընդվզումի օրեր` լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ռիֆի ահաւոր սպանութեան առիթով:

Ժորժ Ռիֆ ինքնաշարժով երթեւեկի յատուկ հարց մը ունեցած էր Թարեք Եթիմ անունով այլ քաղաքացիի մը հետ, որ ծանօթ է բոլորին իր ոճրագործ ըլլալու իրականութեամբ:

Անոնց միջեւ հարցը բարդացած էր եւ հասած այն աստիճանի, որ Եթիմ Ռիֆը օր ցերեկով դանակոծած էր Ժմմէյզէ փողոցին մէջ մարդոց ներկայութեան եւ ոչ ոք յանդգնած էր միջամտել ու կասեցնել այդ վայրագութիւնը:

Օր մը ետք Եթիմ ձերբակալուած էր, իսկ Ռիֆ մահացած:

Այս դէպքը յառաջացուց դատապարտումի հսկայ ալիք մը, իսկ ուրբաթ երեկոյեան Քարմ Զէյթունի մէջ տեղի ունեցած էր բողոքի երթ մը, որուն ընթացքին Ժորժ Ռիֆի ընտանիքն ու բարեկամները եւ անոր զօրակցող բազմաթիւ քաղաքացիներ արդարութիւն պահանջած էին անոր սպանութեան գծով եւ շեշտած Թարեք Եթիմը պատժելու կարեւորութիւնը: Այս երթին կողքին, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն ընդմէջէն սկսած է արշաւ մը, որ կը պահանջէ Թարեք Եթիմը մահապատիժի ենթարկել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել Ռիֆի հովանաւորները:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ինք Ժորժ Ռիֆի սպանութիւնը տեսած է պատկերասփիւռէն, զարմանք յայտնելով, որ մարդիկ դիտած են այդ սպանութիւնը, առանց փութալու Ռիֆի օժանդակութեան:

«Այս սպանութիւնը վայրագութիւն վայրագութեանց եւ բառին բուն իմաստով քստմնելի կարելի է կոչել», ըսաւ ան:

Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ ոճրագործը ծանօթ է բոլորին իր արարքներով ու սպանութիւններով եւ տակաւին կը վայելէ այս կամ այն պատասխանատուին հովանաւորութիւնը:

«Մենք պիտի սպասենք հետաքննութեան, այն յոյսով, որ պետութիւնը պատժէ մարդասպանը, առանց միջամտութիւններուն անսալու», շեշտեց զօր. Աուն` ցաւակցութիւն յայտնելով Ռիֆի ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն շեշտեց, որ Ժորժ Ռիֆը եւ անոր ընտանիքը կատարեալ սառնարիւնութեամբ սպաննող ոճրագործը արժանի է մահապատիժի, նոյնիսկ երբ մենք կը մերժենք մահապատիժի սկզբունքը:

Նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի կոչ ուղղեց բանտարկելու Ժորժ Ռիֆը զգետնող մարդասպանը, որպէսզի ան իր պատիժը ստանայ: «Եթէ լիբանանեան պետութիւնը ինքզինք կը յարգէ, ապա ան այդ ոճրագործը ազատ պէտք չէ արձակէ», շեշտեց Սահնաուի:

Այս առումով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը լսատեսողական լրատուամիջոցներ իր անունը ուղղակիօրէն առնչած են այս սպանութեան, պարզապէս որովհետեւ իր բնակարանը կը գտնուի այս ոճիրը վկայած փողոցին մէջ:

Նազարեան խստիւ դատապարտեց գործուած անարգ եւ վայրագ ոճիրը եւ աւելցուց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ իր բնակարանը կը գտնուի այդ փողոցին մէջ: «Սակայն այն վարկածը, թէ իմ թիկնապահներս վկայած են ոճիրը եւ չեն միջամտած, անարդար մօտեցում եւ մեկնաբանութիւն է, որովհետեւ ես ոճիրը գործուած պահուն բնակարանին մէջ չէի, իսկ թիկնապահներս հոն չէին գտնուեր», ըսաւ ան:

Նազարեան մաղթեց, որ ոճրագործը խստագոյն պատիժի ենթարկուի եւ լրատուամիջոցներէն խնդրեց ստուգել իրենց տեղեկութիւնները եւ ապա հանրային կարծիքին հաղորդել այդ մասին, յատկապէս նման վտանգաւոր դէպքերու եւ անարգ ոճիրներու վերաբերող լուրերու պարագային:

 

 

 

Նախորդը

Աննայայի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Մար Շարպելի Սրբադասման Յիսնամեակին Նուիրուած Պատարագին

Յաջորդը

Հըզպալլայի Մարտիկներն Ու Սուրիական Բանակը Զապատանիի Մէջ Կ՛արձանագրեն Նոր Յաղթանակներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.