Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարը Ընդունեց Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցը

July 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-15-15_has-15Հայաստանի Հանրապետութեան  մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նախանցեալ օր ընդունեց  Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Իսսամ Խալիլը:

Յասմիկ Պօղոսեան կարեւոր նկատեց Իսսամ Խալիլի  «Մտքի քանդում» խորագիրով զեկուցումը «Մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ մարդկային համախմբման եւ հոգեւոր հաղորդակցման գործօն» կլոր սեղանի ծիրին մէջ:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարը առաջարկեց համագործակցութեան ընդլայնում ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծիրին մէջ` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ  «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման  կողմէ  մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու հարցով եւ շեշտեց, որ  ժամանակին չձեռնարկուած քայլերը վատ նախընթաց կը հանդիսանան նման վայրագութիւններու համար: Ան վստահեցուց, որ Հայաստան կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները զինեալ ընդհարումներու պարագային  մշակութային արժէքներու ապօրինի ներմուծման, արտահանման եւ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխումը ապահովելու նպատակով:

Յասմիկ Պօղոսեան արաբ պաշտօնակիցին  առաջարկեց երկու երկիրներու մէջ հայկական եւ  սուրիական մշակոյթի օրեր կազմակերպել` շեշտելով, որ ուրախ կ՛ըլլար, եթէ  արաբ գրողները մասնակցին սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Գրական տապան» միջազգային ծրագիրին:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ կառավարութեան եւ մասնաւորապէս մշակոյթի նախարար Իսսամ Խալիլին` Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման ձեռնարկներու կազմակերպման աջակցելու համար` ընդգծելով Սուրիոյ խորհրդարանի` 17 մարտին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նիստ հրաւիրելու փաստը:

Նշելով, որ հայ-սուրիական պատմամշակութային յարաբերութիւնները իրենց արմատներով դարերու խորքը կ՛երթան, Յասմիկ Պօղոսեան ընդգծեց, որ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ արաբ ժողովուրդը անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է բռնի տեղահանուած հայ գաղթականներուն:

Զրուցակիցները անդրադարձան Սուրիոյ ներքաղաքական ճգնաժամի  հետեւանքով 2012 թուականին Հայաստան հաստատուած շուրջ տասներեք հազար սուրիահայերու խնդիրներուն:

Յասմիկ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ 1968 թուականէն կը գործէ արեւելագիտութեան բաժանմունքը, որուն  կազմին մէջն է արաբագիտութեան ամպիոնը:

Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի մշակոյթի նախարարը արաբ իր պաշտօնակիցին նուիրեց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ոչնչացուած յուշարձաններուն մասին գիրք եւ հայկական ժայռապատկերներու հազարամեայ պատմութիւնը խորհրդանշող յուշանուէր:

 

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Զէնքի Մաքսանենգներ Եւ Գրաւեց Թռչող Նկարող Սարքեր

Յաջորդը

Ըստ Ալիեւի. «Հայերուն Դրամով Ապրող Քոնկրեսականները Պատերազմ Յայտարարած Են Ազրպէյճանի Դէմ»

RelatedPosts

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ
Հայկական

Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.