Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքական Տարակարծութիւնները Նախարարաց Խորհուրդէն Հեռացուցէք» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

July 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-13-15_salam_makasedՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կոչ ուղղեց քաղաքական տարակարծութիւնները նախարարաց խորհուրդէն հեռացնելու` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը հրաւիրուած է աշխատանքի:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք երկխօսութեան, եւ արդէն իսկ քաղաքական կարգ մը ուժերուն միջեւ անիկա գոյութիւն ունի: Կը փափաքինք, որ այդ երկխօսութիւնը յաջողի եւ կարելի ըլլայ երկիրը հանդարտութեամբ եւ իմաստուն կերպով կառավարել, որպէսզի անիկա շրջանցէ իր դիմագրաւած այս զգայուն եւ բարդ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները», ըսաւ ան:

Մաքասետ բարեսիրական միութեան մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելու պահուն վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել իր վարած զգայուն պաշտօնին ընդմէջէն: «Այս պարտականութեան ծանր բեռին տակ ես որոշած եմ արտօնութիւն չտալ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու: Մենք պատասխանատուութիւններ ունինք երկրին եւ ժողովուրդին նկատմամբ եւ պէտք է կատարենք զանոնք», շեշտեց ան:

Վարչապետ Սալամ ողջունեց Լիբանանի ապահովական կառոյցները, որոնց կարգին` բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք կը պահպանեն երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ սահմանադրական հաստատութիւնները:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու ըլլալու հանրապետութեան նախագահութեան` ընդգծելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը:

«Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի նախագահ ընտրուի ատակ եւ բարձր կարողութիւններով անձնաւորութիւն մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ Լիբանանին եւ կը ներկայացնէ բոլոր լիբանանցիները եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն մէկ շերտը», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Ֆիթրի տօնին առաջին եւ երկրորդ օրերուն ընթացքին:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Դաշնակցային Դրութիւնը Կրնայ Լուծում Մը Ըլլալ, Սակայն Նախ Եւ Առաջ Անոր Շուրջ Պէտք Է Համախոհութիւն Գոյացնել»

Յաջորդը

Փութին. «Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Քամպոտիան Եւ Նեփալը Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պիտի Միանան Իբրեւ Գործընկերներ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.