Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Երեսփոխան Փայլան Բողոք Պիտի Ներկայացնէ Ընդդէմ «Հայերու Որս»-ի Ձեռնարկած Թուրք Ազգայնականին

July 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարօ Փայլան
Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան, ազգութեամբ հայ Կարօ Փայլան վերջերս այլազգիներու, ներառեալ հայերու դէմ հնչած ատելութիւն  պարունակող արտայայտութիւններու մասին արտայայտուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ ան անդրադարձած է նաեւ Կարսի «Գաղափարի օճախներ» անունը կրող կառոյցի ղեկավար Թոլկա Ատըկիւզելի վերջին յայտարարութիւններուն եւ նշած, որ ինք վերջինիս դէմ բողոք պիտի ներկայացնէ:

Յիշեցնենք, որ «Գաղափարի օճախներ» անունը կրող թրքական կազմակերպութեան ղեկավար Թոլկա Ատըկիւզել սպառնացած էր Կարսի հայերուն այն բանէն ետք, երբ ճազ-դաշնակահար Տիգրան Համասեան ելոյթներ ունեցած էր Անիի եւ Աղթամարի մէջ:

«Հիմա մենք ի՞նչ պէտք է ընենք: Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսի՞ պիտի սկսինք», ըսած էր ան:

Խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փայլան յայտարարած է, որ վերջին 15 օրերուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ հայերու, միասեռականներու եւ չինացիներու հասցէին ատելութիւն պարունակող յայտարարութիւններ հնչած են:

Փայլան ընդգծած է, որ այդ դէպքերուն առնչութեամբ դատախազութիւնը քայլերու չէ ձեռնարկած: «Անպատիժ մնացած ատելութեան քարոզը ատոր թիրախ դարձած մարդոց «աղաւնիի վախուորածութեան» կը դրդէ եւ անոր նկատմամբ յանցագործութիւններու իրականացման համար հիմք կը նախապատրաստէ», ըսած է Փայլան:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Արցախին Ուղղակի Աջակցելու Կողմնակից Կը Մնայ

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիք Պատրաստ Են Վերանայելու Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը «Միայն Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ»

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ  Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցով  Լսումներ` Խորհրդարանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցով Լսումներ` Խորհրդարանին Մէջ

November 17, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Հայկական

Տապլինի Մէջ Որդեգրուեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան Սկզբունքներու Հռչակագիրը, Որուն Չմիացան Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը

November 17, 2026
Ըստ «Թի24»-ին.  Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը  Պիտի Չբանայ` Նկատի Ունենալով  Պաքուի Հետ Լարուածութիւնը
Հայկական

Ըստ «Թի24»-ին. Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը Պիտի Չբանայ` Նկատի Ունենալով Պաքուի Հետ Լարուածութիւնը

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.