Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_haytadՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըրի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հանդիպումի առիթին համար` պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց Հայ դատի մարմիններու տարաբնոյթ աշխատանքներուն ծիրը եւ յատկապէս Լիբանանի Հայ դատի մարմինին առաջադրանքները: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ու դեսպանին ճամբով նաեւ Աւստրիոյ խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Նշենք, որ 22 ապրիլ 2015-ի իր նիստին ընթացքին, Աւստրիոյ խորհրդարանը, խորհրդարանի նախագահ Տորիս Պիւրեսի առաջարկով յոտնկայս լռութեամբ յարգած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի քաղաքական վեց կուսակցութիւններու ղեկավարները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միացեալ յայտարարութիւն մը որդեգրած էին:

Անդրադառնալով պատուիրակութեան այն նկատողութեան, թէ որդեգրուած յայտարարութիւնը ընդգծած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Աւստրոհունգարական կայսրութեան` Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից ըլլալու հանգամանգը եւ շեշտած էր «Աւստրիոյ պարտաւորութիւնը` ճանչնալու եւ դատապարտելու ցեղասպանութիւնը», դեսպանը կարծիք յայտնեց, որ Աւստրիա իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական ականատես ու իրազեկ պետութիւն վաղուց պէտք էր ճանչցած ու դատապարտած ըլլար զայն:

Անդրադառնալով դեսպանի այն նշմարին, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը զգայուն հարց է Աւստրիոյ մէջ` նկատի առած ծագումով թուրք ստուար համայնքի մը գոյութիւնը, պատուիրակութեան անդամները դրուատեցին Աւստրիոյ խորհրդարանի` ի նպաստ արդարութեան եւ ճշմարտութեան որդեգրած կեցուածքը: Պատուիրակութիւնը նաեւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Աւստրիոյ մէջ ամրագրուի օրինագիծով մը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ առկայ քաղաքացիական գործընթացներուն, Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման հարցերուն շուրջ:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը դեսպան Ֆերինկըրի յանձնեց շնորհակալական պաշտօնական նամակ մը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմագիտական հատոր մը եւ հայ մշակութային ժառանգութեան անդրադարձող գիրք մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ծրագրած է հետագային նոյնանման այցելութիւններ տալ նաեւ Պրազիլի եւ Լիւքսամպուրկի դեսպանութիւններուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

7 յուլիս 2015

 

 

Նախորդը

Զալպեր. «Ղարաբաղի Խնդրի Խաղաղ Լուծումը Այլընտրանք Չունի»

Յաջորդը

Եուվենթուս Երկարաձգեց Ալլեկրիի Եւ Մարքիզիոյի Պայմանագրութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.