Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ` Երջանկայիշատակ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգւոյն Համար

July 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_zmmarԿիրակի, 5 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զմմառու Ս. Տիրամօր վանքի եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեան, ի հանգիստ նորօք հանգուցեալ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն:

Ներկայ գտնուեցան պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպս. Կապրոյեան, հայ կաթողիկէ  եպիսկոպոսներ եւ առաջնորդներ, պապական նուիրակի եւ մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչներ, յոյն, ասորի բարձրաստիճան հոգեւորականներ,

Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան վարչութեան անդամներ եւ միաբան վարդապետներ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետներ, Լիբանանի տարբեր վանքերու եւ միաբանութիւններու մեծաւորներ, մայրապետներ, պետական, պաշտօնական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, հայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ` դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ լուսահոգի հոգեւոր տիրոջ արժանիքներուն` ըսելով. «Սիրելի՛ հոգեւոր տէրը անխոնջ աշխատող մըն էր: Ան իբրեւ բարի հովիւ` մտահոգ էր հայ ժողովուրդի ներկայով, հանգուցեալին համար հովուութիւն կը նշանակէր ամէնօրեայ նուիրում, ամէնօրեայ ծառայութիւն, ժամանակը ամբողջութեամբ տրամադրել հօտին, բաժնելով անոր ուրախութիւնն ու ցաւը, անոր իրագործումներն ու դժուարութիւնները, յաղթահարելով խոչընդոտները, եւ այդպիսով դառնալով իսկական քաջ եւ բարի հովիւը: Այսպիսի առաքինութիւններով օժտուած էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հոգեւոր հովիւը, որ 16 տարիներ շարունակ աղօթքով եւ նուիրումով առաջնորդեց իր հօտը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ»: Հուսկ մեծաւոր հայրը մաղթեց, որ հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը, Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ, ընտրեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց արժանագոյն նոր հովուապետը:

Պատարագի աւարտին` հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հանգուցեալ հոգեւոր տիրոջ հոգւոյն, որմէ ետք ցաւակցութիւններ ընդունուեցան մայրավանքի դահլիճին մէջ եւ ապա հոգեճաշ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ:

 

Նախորդը

Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908). Գեղեցկութեան, Բարութեան Եւ Սիրոյ Հանճարեղ Երգիչը

Յաջորդը

Սուրիացի Թուրքմեն Ղեկավարը Թուրքիոյ Խորհուրդ Չի Տար Ներխուժել Սուրիա

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.