Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի

July 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-03-15_armenian-school-in-turkey«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի նոր որոշումով, Թուրքիոյ մէջ վերցուած է երկրի, ոչ մահմետականներուն պատկանող դպրոցներուն մէջ երեխաներու արձանագրութեան համար «գաղտնի ծածկագիր»-ի սկզբունքի կիրարկումը: Այսուհետեւ ոչ մահմետական երեխաները պիտի կարենան ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներ ընդունուիլ միայն տուեալ կրթական հաստատութեան տնօրէնին որոշումով:

Այդ որոշումը որդեգրուած է, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի` Պոլիսէն ընտրուած հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանի նստաշրջանի բացումին ընթացքին հանդիպում ունեցած է կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի հետ` նշելով, որ խնդիրին լուծման համար օրէնսդրական նոր կարգաւորման անհրաժեշտութիւն չկայ, եւ բաւարար է միայն նախարարին որդեգրած որոշումը:

«Պետութեան կողմէ «ազգային ծածկագիր»-ի հարցը լուրջ խնդիրներու առջեւ կը կանգնեցնէ: Երբեմն, նոյնիսկ երբ հայրն ու մայրը հայկական դպրոցներու մէջ աշակերտած կ՛ըլլային, ի յայտ կու գային փաստաթուղթեր, որոնք չէին արտօներ երեխաներուն ալ տուեալ վարժարան յաճախել: Համայնքին թիւը զգալիօրէն նուազած է, եւ որովհետեւ լաւ պակսած ենք, բոլորս կը ճանչնանք զիրար: Այդ պատճառով էր, որ պահանջեցինք խնդիրը ձգել համայնքներուն եւ իրաւասութիւնները յանձնել դպրոցի տնօրէնութեան», նշած է Փայլան` ընդգծելով, որ նոր կարգաւորման շնորհիւ հայերը արդէն ստիպուած պիտի չըլլան ամէն անգամ երթալ եւ ապացուցել իրենց հայ ըլլալը:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր, որ յոյներուն համար «1»-ն է, հայերուն համար` «2»-ը, իսկ հրեաներու համար` «3»-ը:

 

Նախորդը

«Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Կառավարութեան Մարտահրաւէր Կարդալ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Շարմազանով Կ՛անդրադառնայ Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Պարոյր Հայրիկեանի Հետ Եղած Միջադէպին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.