Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Իր Վարկանիշին Վերաբերեալ Կեղծ Հարցախոյզ Կատարած Է

July 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլհամ Ալիեւ
Իլհամ Ալիեւ

Ազրպէյճանական «Ազատլիկ» օրաթերթը` մեկնաբանելով ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, նշած է, որ այսպիսի իրավիճակի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութեան մտահոգութիւնը, որ ան այլեւս չի կրնար քողարկել, հասկնալի է, որովհետեւ արդէն կը մերկացուի նաեւ իշխանութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ կը բացայայտուի «իր նմանը չունեցող զարգացում» ունենալու մասին ազրպէյճանական իշխանութեան հեքիաթը»:

Թերթը կը գրէ, որ իբրեւ ելք նոյնիսկ «ծղօտէն» կախուած Ալիեւի իշխանութիւնը երկրին մէջ  սեփական վարկանիշը տակաւին «բարձր» ըլլալը Արեւմուտքի աչքին «հաստատելու» նպատակով իշխանամէտ «Ռայ» դիտորդական կեդրոնին միջոցով կատարած է հարցախոյզ մը, որուն արդիւնքներուն համաձայն, եթէ Ազրպէյճանի մէջ կիրակի օր նախագահական ընտրութիւններ կատարուին, ապա մասնակիցներուն 87,3 առ հարիւրը պիտի քուէարկեն ի նպաստ Իլհամ Ալիեւին: «Զարմանալին ոչ թէ հարցախոյզին արդիւնքներն են, որովհետեւ բոլորին յայտնի է, թէ Ազրպէյճանի մէջ ինչպէ՛ս կը կատարուին հասարակական հարցախոյզները, որոնց մէջ Ալիեւը միշտ 90 առ հարիւր առաւելութիւն կ՛ունենայ, այլ այն, թէ ի՛նչ կարիք կար նման հարցախոյզ կատարելու նախագահական ընտրութիւններէն տակաւին 3 տարուան ժամանակ մնալու պարագային», հարց կու տայ թերթը եւ ինքն ալ կը պատասխանէ, թէ կը պարզուի, որ ատիկա կը բխի Ալիեւի եւ իր խմբակին վախէն:

Թերթը ազրպէյճանական իշխանութեան վախը կը մեկնաբանէ այն բանով, որ արդէն բացայայտ կերպով կը խօսուի Իլհամ Ալիեւի միջազգային յենարանները կորսնցնելու մասին: Ալիեւ հասկցած է, որ ստեղծուած իրավիճակը ո՛չ խաւիարով, ո՛չ ալ ուժանիւթային շանթաժով կարելի պիտի ըլլայ փոխել: Ան նաեւ կը հասկնայ, որ միջազգային ճնշումները աւելի բացայայտ պիտի դառնան, եւ «ժողովուրդը զիս կը սիրէ» ուղերձ յղած է: Ալիեւը նուազագոյնը կը փափաքի հասնիլ այն բանին, որ Արեւմուտքը դադար տայ իր իշխանութեան դէմ ճնշումներուն եւ իրավիճակը անյուսալի չըլլալու ընկալում ձեւաւորուի: Հարցախոյզներու 97 առ հարիւր արդիւնքով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ ներսը իրավիճակը լաւ է, եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ժողովուրդը կ՛աջակցի նախագահին: Սակայն, թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը լաւ ալ կը տեսնեն, որ բնակչութեան ընկերային վիճակը հետզհետէ խիստ կը ծանրանայ, օտար դրամանիշի պաշարը կը նուազի եւ իշխանութիւնը չ՛ուզեր դիմել բարեփոխումներու: Կը պատկերացնէ՞ք` Եւրոպական խաղեր կատարող երկրի նախագահը Եւրոպայի առջեւ հանդէս կու գայ հարցախոյզներու 87 առ հարիւրի արդիւնքով: Ո՞ր քաղաքակիրթ երկրին մէջ կարելի է նման բան: Եւրոպայի ամէնէն հարուստ երկրին մէջ անգամ իշխանութիւնները չեն կրնար 60 առ հարիւրէն աւելի վստահութեան քուէ ստանալ: Միանգամայն յստակ է, որ հարցախոյզի 97 առ հարիւր արդիւնքը եւս կը խօսի մենատիրական կառավարման գոյութեան մասին: Մէկ խօսքով, Ալիեւ կ՛ուզէ իր վախը թաքցնել հասարակական կարծիքի հարցախոյզի ետին», կ՛ամփոփէ «Ազատլիկ»:

 

Նախորդը

Պելկրատի Մէջ Կանգնեցուած Է Աւստրիոյ Գահաժառանգը Ահաբեկած Փրինցիփի Արձանը

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.