Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկներու Տօնական Ամիս Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

July 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9485---Copy-copyHC12D15-(504)Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին երդիքին տակ յունիս ամիսը ստացաւ իւրայատուկ արժէք եւ խորհուրդ, որովհետեւ երեք տարբեր հանդէսներով վարժարանի մանուկները  իրենց մանկական անմեղութեամբ ներկայացան ծնողներուն եւ բարեկամներուն` հայ երգի, ասմունքի ու պարի ճամբով իրենց նոր կերտուող հայեցի դիմագիծը ցուցադրելով:

Ծաղկոցի հանդէսը տեղի ունեցաւ 2 յունիսին, անիկա պարուրուած էր պարզութեամբ ու անմիջականութեամբ, 22 մանուկները բեմին վրայ ծնողներուն հրամցուցին իրենց սորվածը, երբեմն լացին, երբեմն իրենց ծնողները տեսնելով` մոռցան հանդէսը: Բնական եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդէսի աւարտին մանուկները ստացան խորհրդանշական վկայականներ:

HCGar15-(329)HCPSMS15-(219)Մանկապարտէզի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանները նման հանդիսութեամբ մը իրենց ծնողները ողջունեցին 8 յունիսին. անոնք երգի, ասմունքի եւ պարի կողքին, արդէն սորված կ՛ըլլան աղօթել, իրենց խնդրանքները յղել Աստուծոյ, նաեւ` իրենց ներկայացումներով ուրախութիւն պատճառել ծնողներուն: Լուսաշող եւ բերկրանքով լի օր մը եղաւ 8 յունիսը, երբ 75 աշակերտները բեմը լեցուցին կեանքով եւ հայկական մշակութային արժէքներով:

Ծաղիկ դասարանի 30 աշակերտներու վկայականներու բաշխումը եւ համապատասխան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 22 յունիսին: Մանկապարտէզի աւարտական դասարանցիները ինքնավստահ ու հպարտ քայլերով ներկայացան` երեք լեզուներով երգելով, ասմունքելով եւ կարճ խօսքեր արտասանելով:

HCPSMS15-(378)HCGar15-(357)Ծաղիկ  դասարանի աշակերտները հանդիսութեան աւարտին տնօրէնին ձեռքէն ստացան իրենց ուսումնական կեանքին առաջին վկայականները, որոնք մեծ ուրախութեան աղբիւր եղան անմեղ մանուկներուն համար:

Հանդիսութիւններուն ընթացքին աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան շեշտը դրաւ հայկական մթնոլորտի ու դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Անմոռուկ Ծաղիկներու Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.