Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

July 2, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_Apkarian16-21-15_Apkarian2Կիրակի, 21 յունիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին «Վերածնունդ» խորագիրը կը խորհրդանշէր Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ անոր ապրելու կամքը:

Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներու նկարներու ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Աբգարեան վարժարանին համար յատուկ նկարահանուած տեսերիզը:

Օրուան նիւթը ներկայացուեցաւ հեռատեսիլի «Սփիւռք» կայանի հարցազրոյցով մը, որուն հաղորդավարները` Շերիլին Տիրացուեան եւ Իզապել Մարաշլեան հիւրընկալեցին երկու աշակերտուհիներ` Բալիկ Թեքելեանը եւ Քրիսթինա Մկրտիչեանը, եւ հերթաբար, բոլոր կարգի աշակերտները, իբրեւ յայտագրի հիւրեր, հանդէս եկան երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով: Կարելի է յիշատակել Զ. կարգի խմբային արտասանութիւնը` Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիրը», «Անուրջ» նազպարը եւ անհատական ասմունքներ` «Տաղ հայերէն լեզուին» եւ «Եա Պիլատի»: Ուշագրաւ էր «Իլ սոն թոմպէ» պարային պատկերը` ներկայացուած Բ. կարգի աշակերտներուն կողմէ: Ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց մանկապարտէզի «Ես մշեցի եմ» եւ «Իմ անունը Հայաստան է» հայկական պարը` Ծաղիկ եւ Ա. կարգի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած, նաեւ մանկապարտէզի խմբերգները` «Այբ, բեն, գիմ» եւ «Նոր հայեր» ջերմ ծափահարութեան արժանացան:

Բեմին յարդարանքը «Կենաց ծառ»-ն էր, որ սրահ մտնողներուն  ուշադրութիւնը գրաւեց, եւ որ նոյնպէս հայ ժողովուրդին  անցեալը, ներկան եւ փայլուն ապագան կը խորհրդանշէր:

Շերիլին Տիրացուեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն ու իր անունով շնորհակալ եղաւ Աբգարեան վարժարանին եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ անցնող տարեշրջանը թէեւ շատ դժուար եղաւ վարժարանին համար, բայց բոլորին ջանքերով եւ ներդրումով կարելի եղաւ դժուարութիւնները շրջանցել նուազագոյն ցնցումներով:

Այս տարուան հունձքն էր, ութ աշակերտ-աշակերտուհիներ Զ. կարգէն`

Հանոյեան Յովսէփ, Տիրացուեան Շերիլին, Թեքելեան Բալիկ, Բէբէեան Էլիզ, Ստեփան Փամելա, Մկրտիչեան Քրիսթինա, Մարաշլեան Իզապէլ, Մանուշակեան Լարա: Տասնչորս` Ծաղիկ դասարանէն` Անտիլեան Ժաք, Գելխաչերեան Ճորճիօ, Թեմամեան Յակոբ, Կիւլէսերեան Լեւոն, Հալլաճեան Կարէն, Պալեան Գէորգ, Սալպաշեան Դրօ, Սրուր Խալետ, Սրուր Ռայան, Գարավարդանեան Սառա, Էզեան Լուսիանա, Ճիլեզեան Շողիկ եւ Մաքտիս Ճէյմս:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.