Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Յայտարարեց Միացեալ Դեղագիրի Գործադրութեան Սկիզբը

July 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-30-15_unified_medical_prescriptionՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց միացեալ դեղագիրի գործադրութեան սկիզբը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ բժիշկներու ու դեղագործներու սենտիքաներու նախագահներուն:

Վարչապետ Սալամ գնահատելէ ետք առողջապահութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ սենտիքաներուն եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին ջանքերը, յայտնեց, որ հպարտութիւնը ունի սկիզբը յայտարարելով միացեալ դեղագիրին, որ ազգային նուաճում մըն է եւ որուն նպատակն է քաղաքացին փրկել յաւելեալ բեռէ` դեղօրայքի ծախսին իմաստով:

«Նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած յուսախաբութեան իրավիճակը, մենք կարիքը ունինք նման նուաճումներու, որովհետեւ կ՛ուզենք բարելաւել մեր երկիրը, իսկ այս օրերուն մենք կարիքը ունինք այնպիսի միացեալ դեղագիրի մը` լուծելու համար երկրին քաղաքական տագնապը», ըսաւ Սալամ:

Ան հաստատեց, որ մենք կարիքը ունինք բոլորին ուժերուն` ամրապնդելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ միացեալ դեղագիրի դրութեան որդեգրումը պետութեան եւ համեստ դասակարգին համար յաղթանակ է, որ վերջապէս գործադրութեան պիտի դրուի:

Ան շեշտեց, որ կարելի չէ պետութիւնը կերտել քաղաքացիներուն բեռը ծանրացնելով:

Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պատրաստ է գործակցելու եւ գիտական խորհրդակցութիւններ կատարելու` միացեալ դեղագիրի դրութիւնը գործադրելու իմաստով:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի իր կարգին դրուատեց աշխատանքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը` շեշտելով, որ կատարուածը նուաճում մըն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւնները եւս դեղագիրի կարիքը ունին` փրկելու համար Լիբանանը:

Նախորդը

«Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումին Չանդրադառնալը Սահմանադրութեան Խախտում Է» Ընդգծեց Իպրահիմ Քանաան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութիւնը «Արմէն» Ճամբարի Հարցով Դիմած Է Եւրոպական Խորհուրդին Եւ Եւրոպական Խորհրդարանին

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.