Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութիւնը «Արմէն» Ճամբարի Հարցով Դիմած Է Եւրոպական Խորհուրդին Եւ Եւրոպական Խորհրդարանին

July 1, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-30-15_Camp-Armen«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը Պոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Արմէն ճամբար» անունով ծանօթ հայկական որբանոցի տարածքին հարցով դիմում ներկայացուցած է Եւրոպական խորհուրդին եւ Եւրոպական խորհրդարանին:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդամները մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած են, որ հակառակ խոստումներուն, «Արմէն» ճամբարը տակաւին չէ վերադարձուած Կետիքփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Թուրք իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդ եւ Եւրոպական խորհրդարան ուղարկուած դիմումներուն մէջ նշուած է, որ ոչ իսլամ համայնքին պատկանող սեփականութեան յափշտակումով Թուրքիան խախտած է Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու եւ Լոզանի համաձայնագիրները: Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ իրենք հետեւողական պիտի ըլլան ոչ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ խնդիրը կարգաւորելու հարցին մէջ:

Փայլան. «Քեմփ Արմէն»-ը
Ցեղասպանութեան Ապացոյցն Է»

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Արմէն» ճամբարը հայութեան վերադարձնելու նպատակով, ուրբաթ, 26 յունիսին դարձեալ տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը: «Հապերլեր» լրատուական կայքը տեղեկացուցած է, որ Պոլսոյ «Թունել» հրապարակ հաւաքուած բազմութիւնը քալած է դէպի Կալաթասարայի ուսումնարան:

«Նոր Զարթօնք» եւ «Արմէն» ճամբարին զօրակցող կազմակերպութեան անդամները կրած են «Հէ՜յ մարդկութիւն, բողոք ունիմ: Մեզ նետած են մեր իսկ ստեղծած քաղաքակրթութենէն դուրս» գրութեամբ պաստառներ: Մասնակիցները ըրած են նաեւ տարբեր կոչեր, օրինակ` «Այս տակաւին սկիզբն է», «Պայքարը պիտի շարունակուի» եւ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»:

Քայլարշաւէն ետք ելոյթ ունեցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Ան յայտնած է, որ հայկական որբանոց-ճամբարի վերադարձին համար պայքարը պիտի շարունակուի: «52 օր է, որ կը պայքարինք, սակայն 100 տարիէ ի վեր արդարութեան կը սպասենք: Անոնք, որոնք 100 տարի առաջ գործուած յանցանքին չեն նայիր, որոնք զայն պատմաբաններուն կը ձգեն, թող նային «Քեմփ Արմէն»-ին: «Քեմփ Արմէն»-ը Ցեղասպանութեան փաստացի ապացոյցն է: Ինչպէս որ անիկա պետութեան որոշումով յափշտակուած է, այնպէս ալ պետութեան կողմէ պէտք է վերադարձուի», նշած է Փայլան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Յայտարարեց Միացեալ Դեղագիրի Գործադրութեան Սկիզբը

Յաջորդը

«Շատ Կարեւոր Է, Որ Շարժումը Մնայ Իր Նախնական, Մաքուր Շնչառութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.