ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նախագահ Փրոքփիս Փաւլոփուլոս 5 յուլիսին վարկատուներու առաջարկներուն վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու մասին հրամանագիր ստորագրած է: Հրամանագիրը հրապարակուած է Յունաստանի «Կառավարական թերթ»-ին մէջ եւ հրապարակումէն ետք մտած է ուժի մէջ:
«Քուէարկութեան հոլովոյթը տեղի պիտի ունենայ նոյն ընտրատեղամասերուն մէջ, նոյն ընտրական յանձնախումբերուն կազմով եւ մասնակցութեամբ դատական իշխանութիւններուն, որոնք նշանակուած էին 25 յունուար 2015-ին համընդհանուր խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու համար», նշուած է հրամանագիրին մէջ:
Քուէարկութենէն մէկ օր առաջ եւ քուէարկութեան օրը մինչեւ ժամը 19:00 լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլուի հրապարակել որեւէ նիւթ, որ կրնայ ազդել քուէարկողներու ընտրութեան վրայ:
Միւս կողմէ, երէկ Յունաստանի բոլոր դրամատուները փակ մնացին: Անոնք պիտի շարունակեն փակ մնալ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի, իսկ դրամատնային մեքենաները պիտի սկսին աշխատիլ միայն 30 յունիսէն սկսեալ:
Իշխանութիւնները այդ որոշումը տուած էին ստեղծուած խուճապի մթնոլորտին պատճառով. բնակչութիւնը կը ջանար արագօրէն հանել դրամատուներուն մէջ իր պահ դրած գումարները:
Երէկ Աթէնքի սակարանը եւս չաշխատեցաւ: Դրամատնային մեքենաներէն կարելի է քաշել օրական միայն 60 եւրօ: Կը սահմանափակուին միջդրամատնային փոխանցումները: Սակայն այդ ամէնը անդրադարձ պիտի չունենայ զբօսաշրջիկներուն վրայ:
Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ յունական կառավարութեան որդեգրած միջոցառումներուն պատճառով Եւրոպայի դրամատուները մէկ օրուան մէջ 50 միլիառ եւրօ կորսնցուցած են: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն հրաւիրած է կառավարութեան արտակարգ նիստի մը քննարկելու համար յունական ճգնաժամին հաւանական հետեւանքները:


