Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարուած Մթնոլորտ Բաղրամեան Պողոտային Վրայ. Ոստիկանութիւնը Սպառնաց «Վերականգնել Հասարակական Կարգը»

June 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-28-15_tsouits-23

Երէկ` կիրակի 28 յունիսին, Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան ուղիղ եթերով  յայտարարած է, որ կիրակի օր ժամը 23:00-էն ետք ոստիկանութիւնը «պիտի փորձէ վերականգնել հասարակական կարգը» Բաղրամեան պողոտային մէջ, իսկ իրաւախախտները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան:

Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան հանդէս եկաւ  յայտարարութեամբ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի շաբաթ օրուան  յայտարարութեան եւ ոստիկանութեան հետագայ գործողութիւններուն առնչութեամբ:

Պնդելով, որ 28 յունիսէն` ժամը 23:00-էն ետք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցող ցոյցը անօրինական է, չկայ լիազօր մարմինէն համապատասխան թոյլտուութիւն եւ ոստիկանութիւնը պիտի դրսեւորէ հանդուրժողականութիւն, իսկ այն գործողութիւնները, որոնք եղած են ոստիկանութեան կողմէ, եղած են համաչափ եւ բխած օրէնքէն, ընդհուպ կիրարկուած ֆիզիքական ուժը, Երեւանի փոխոստիկանապետը, այնուհետեւ, շարունակեց. «Ինչ կը վերաբերի այն փաստին, որ ամբողջութեամբ անդամալուծած են Բաղրամեան պողոտան եւ աղբամաններ տեղադրած են այստեղ, որ նոյնպէս անընդունելի է` ոստիկանութիւնը թէ՛ բնակիչներէն, թէ՛ քաղաքացիներէն բողոքներ  ստացած է եւ այստեղ նոյնպէս ոստիկանութիւնը հանդուրժողականութիւն կը դրսեւորէ»:

Օսիպեան պնդեց, որ ոստիկանութիւնը կրնայ հասարակական կարգը վերականգնել, սակայն չի ցանկար «աւելորդ լարուածութիւն» ստեղծել: Ան կարծիք յայտնեց, որ հաւաքի մասնակիցներուն մեծ մասը ունի «արդար պահանջներ», սակայն կան մարդիկ` «հասարակական կազմակերպութիւններ, անհատ քաղաքացիներ», որոնք այդ բոլորը  կ՛օգտագործեն եւ նախագահին յայտարարութենէն ետք կը փորձեն «ուրիշ ուղիով տանիլ» ամէն ինչ:

Քննարկում` Նախագահ Սերժ Սարգսեանի
Առաջարկներուն

Ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող ցուցարարները եւ անոնց աջակցող քաղաքացիները երէկ հաւաքուած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային մէջ, ուր ժամը 18:00-ին նախաձեռնութիւնը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր, որուն  ընթացքին պիտի քննարկուէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկները` ելեկտրականութեան հոսանքի սակի վերաբերեալ:

Նախագահի առաջարկներուն «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը կը պատրաստուէր վերջնական պատասխան տալ երէկ երեկոյեան` համընդհանուր քննարկումներէ ետք: Սակայն տեղի ունեցաւ անսպասելին: Կազմակերպողներու շարքերուն մէջ յառաջացաւ պառակտում, որուն իբրեւ հետեւանք նախաձեռնութեան համակարգող խորհուրդէն խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի օփերա, իսկ ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը մնաց Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ որոշեց շարունակել պայքարը` մինչեւ ներկայացուած պահանջներու իրագործում, ինչ որ աւելի սրեց մթնոլորտը:

Ոստիկանութիւնը Կոչ Ուղղած Է Ծնողներուն,
Դեռահասներուն Եւ Երեխաներուն Թոյլ Չտալու
Մինակ Մասնակցիլ Հանրահաւաքին

Երէկ ոստիկանութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ   «անօրինական» որակելով Բաղրամեան պողոտային մէջ շարունակուող հաւաքը, նշուած է. «Յատկապէս վերջին օրերուն հաւաքին աւելի ու աւելի յաճախ կը մասնակցին անչափահասներ: Դեռահասներուն  հետաքրքրասիրութիւնն ու պատանեկան արկածախնդրութիւնը հասկնալի են, սակայն կարելի չէ անտեսել հաւանական վտանգները»:

Ոստիկանութիւնը Կը Սպառնայ
Ֆիզիքական Ուժ Կիրարկել

Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, դիմելով նստացոյցի դիմած ցուցարարներուն, յորդորեց անյապաղ դադրեցնել «անօրինական գործողութիւնները եւ լքել Բաղրամեան պողոտան»:

«Հակառակ պարագային ոստիկանութիւնը պիտի կիրարկէ ֆիզիքական ուժ», ըսաւ Օսիպեան եւ աւելցուց. «Ինչպէս կը տեսնենք բոլորս, ձեր մէջ կան սադրիչներ, որոնք կը դրդեն ձեզ անօրինական գործողութիւններ կատարելու: Ոստիկանութիւնը կը յորդորէ ձեզ դադրեցնել անօրինական գործողութիւնները»:

Ցուցարարները սուլոցներով արձագանգեցին անոր յայտարարութեան:

Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Մեծաքանակ
Ոստիկանական Ուժերու Կուտակում

Երէկ երեկոյեան Բաղրամեան պողոտային վրայ կուտակուած էին  մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր:

Ինչպէս յայտարարած էին Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան եւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, իրաւապահները կը պատրաստուին ֆիզիքական ուժ գործադրել այն ցուցարարներուն նկատմամբ, որոնք չեն անսացած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներու կոչին եւ կը շարունակեն մնալ Բաղրամեան պողոտային վրայ:

Նոր նախաձեռնութեան անդամները բարձրախօսով կոչ ուղղած են մնալու ցոյցին վայրը:

 

 

Նախորդը

Մուքպել. «ՏԱՀԵՇ-էն Չենք Վախնար»

Յաջորդը

Սուրիոյ Հայերուն Օժանդակելու Կոչեր` Օպամային

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.