Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատառիկներ Հօրս Յուշերէն

June 26, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՉԱՂԼԱՍԵԱՆ

21071a49dd«Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդալով Մարաշի աղէտին մասին, յիշեցի հօրս պատմածները, որովհետեւ անոնք ականատեսի վկայութիւններ էին աղէտին մասին:

Հայրս քիլիսցի էր, արհեստով պղնձագործ: Աշխատանքի բերումով ամիսը անգամ մը կ՛երթար Մարաշ` իր գործերը վաճառելու: Օր մըն ալ, երբ Մարաշ գացած է, տեսած է, որ տարօրինակ իրարանցում մը կը տիրէ փողոցներուն մէջ, հայերը` սարսափած, այս ու այն կողմ կը վազէին, որովհետեւ թուրքերը ցոյցի ելած էին ու սկսած էին զիրենք հալածել:

Հայրս ուղղուած է Մարաշի աղային քով` խնդրելով, որ իր ունեցած ապրանքը քովը պահէ մինչեւ որ վիճակը հանդարտի, ցոյցերը վերջ գտնեն: Սակայն աղան մերժած է հօրս խնդրանքը` ըսելով, որ ինք տակաւին չի գիտեր, թէ իր ունեցածները ո՛ւր պիտի պահէ: Հայրս յուսահատելով ստիպուած եղած է լքել իր առարկաները ու մտած է Մարաշի հայկական եկեղեցին` հաւատալով, որ անիկա ամէնէն ապահով վայրը կրնայ ըլլալ: Հազիւ եկեղեցի մտած հայրս կը զարմանայ ի տես եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդին, հոն լացուկոծ կը լսուէր ամէն տեղէ, մարաշցիները շուարած վիճակ ունէին: Քիչ անց եկեղեցւոյ դարպասին կը մօտենայ թուրք խուժանը` ահ ու սարսափի մատնելով եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած հայերը, որոնք շփոթած չեն գիտեր, թէ ինչ պէտք է ընեն փրկուելու համար:

Բարեբախտաբար կարելի կ՛ըլլայ բանալ եկեղեցւոյ ետեւի դուռը, ուրկէ հայրս եւ մեծ թիւով մարաշցիներ կրնան փախուստ տալ: Մինչ այդ կացութիւնը կը հանդարտի, խուժանը կը հեռանայ: Հայրս կ՛ուղղուի իր ապրանքին գտնուած վայրը, որպէսզի ստուգէ, թէ ինչ ըրած են թուրքերը: Ապրանքներուն մէկ մասը գողցուած էր արդէն: Մինչ այդ մարդիկ կը սկսին պատմել, թէ ինչպէս Մարաշի հայերուն կոտորածը սկսած է, մէկ մասը կրցած է փախչիլ, սակայն շատեր, որոնց կարգին Մարաշի աղան, ջարդուած են:

Հայրս յուսահատ ու մտահոգ կը վերադառնայ Քիլիս, շաբաթ մը անց Զէյթունի մէջ կը սկսին դէպքերը, զէյթունցիներու մեծ թիւ մը կու գայ եւ կ՛ապաստանի Քիլիս, որոշ ժամանակ ետք շարունակելով իրենց ճամբան տարբեր ուղղութիւններով: Քիչ անց քիլիսցիները եւս կը բռնեն գաղթի ճամբան, տուն, պարտէզ եւ ունեցուածք կը խլուին անոնցմէ, կը քշուին դէպի անապատ ու Ազէզի ճամբով կը հասնին Հալէպ: Քրտական գիւղերու մէջ աշխատելով հայրս կը պահէ իր ընտանիքը, կ՛ամուսնանայ եւ զաւակներու տէր կը դառնայ:

 

 

Նախորդը

Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը 1915-1923 Թթ. (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նախաձեռնութիւններու Պաշտօնական Կայքի` Www.Armeniangenocide100.Org-ի «Այս Օրը 100 Տարի Առաջ» Բաժինի Աշխատակազմին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.