Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԸ, ԱՊԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՍԹԱՆԱ

August 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի եւ Կիպրոսի ղեկավարութիւնները Լիմասոլի նաւահանգիստին մէջ կը դիմաւորեն «Արմենիա» առագաստանաւը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոս, ուր այդ երկրի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ Լիմասոլի նաւահանգիստին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Արմենիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ նաւարկութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ առագաստանաւին դիմաւորման արարողութենէն ետք գիտարշաւի ղեկավար Զօրի Բալայեան Սերժ Սարգսեանին զեկուցեց 28 մայիս 2009-ին Վալենսիայէն սկիզբ առած եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20-ամեակի նախաշեմին աւարտող ճանապարհորդութեան մասին:

Ըստ Զօրի Բալայեանի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գիտարշաւի ծիրին մէջ «Արմենիա» առագաստանաւը, իր ճանապարհորդութիւնը սկսելով Միջերկրական ծովէն, Ճիպրալթարի նեղուցով կտրած-անցած է Ատլանտեան, խաղաղ եւ հնդկական ովկիանոսները: Գիտարշաւի ղեկավարը նշեց, որ անձնակազմին անդամները հինգ ցամաքամասերու մէջ, ուր դարերէ ի վեր ապրած են եւ կ՛ապրին միլիոնաւոր հայեր, իրականացուցած են իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ ճանապարհորդութեան մտայղացումը այս երկու տարիներուն ընթացքին պատուով իրականացուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ:

«Դուք ոչ միայն աշխարհի շուրջ ճանապարհորդութեան կատարած էք, անցած էք երեք ովկիանոսներ եւ տասնեակ ծովեր, այլեւ անցած էք երկրագունդի ամէնէն տարբեր անկիւններուն մէջ սփռուած սփիւռքի դժուար ճամբաներով` հայրենիքին շունչը հաղորդելով մեր համայնքներուն, նորովի իմաստաւորելով մեր ինքնութեան բանաձեւը եւ տարբեր աշխարհամասերու մէջ սփռուած մեր մշակոյթի կոթողները», նշեց Սերժ Սարգսեան:

Կիպրոսի նախագահ Տ. Խրիսթոֆիաս յայտարարեց, որ գրեթէ 90 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան պատճառով հազարաւոր մազապուրծ հայեր եկան Կիպրոս` այստեղ գտնելով իրենց ապաստանը: Ըստ անոր, այդ գաղթականներուն ժառանգները կը կազմեն Կիպրոսի հասարակութեան անբաժանելի մասը` միաժամանակ փայփայելով եւ պահպանելով իրենց արժանապատիւ ծագումը: Կիպրոսի նախագահը աւելցուց, որ Կիպրոսի հայրենակից հայերը իրենց գործունէութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ կապի կարեւոր օղակը կը հանդիսանան` Հայաստանը կիպրացիներուն սրտին անբաժանելի մասը դարձնելով:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս ներկայ գտնուած են նաեւ «Արմենիա» առագաստանաւին աշխարհի շուրջ կատարած ճանապարհորդութեան աւարտին նուիրուած տօնական համերգին, որուն աւարտին շրջած են առագաստանաւին մէջ:

Երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահին անունով եւ ի պատիւ Հայաստանի նախագահին ընթրիք մը սարքուած է:

Սերժ Սարգսեան Կիպրոսէն մեկնած է Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանա` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովի մասնակցելու նպատակով: Վեհաժողովը սկսաւ երէկ:

ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վեհաժողովին կը մասնակցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ 7 պետութիւններէն 6-ին ղեկավարները` Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն եւ Խըրխըզիստանի նախագահ Ռոզա Օթունպայեւա: Ուզպեքիստանի նախագահ Իսլամ Քարիմով Ասթանա չէ ժամանած:

Ասթանայի լաւագոյն պանդոկներէն մէկուն` «Ռիքսոս»ի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումին բացումը կատարեց Ղազախստանի նախագահը, որ ներկայացուց քննարկուելիք հարցերը, ապա խօսքը փոխանցեց կազմակերպութեան նախագահող երկրի` Պիելոռուսիոյ նախագահին:

Լուքաշենքոյի ելոյթէն ետք վեհաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան դռնփակ:

Կը նախատեսուէր, որ սոյն վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հանդիպում մը ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

«ԵԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԸԼԼԱՅ, ՄԵՆՔ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ.ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՉՈՐՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.