Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի բացման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Նախագահին ներկայացուցին, որ իբրեւ «Ուիքիմետիա» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ հիմնադրուած «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նպատակն է խթանել «ուիքի» նախագիծերու տարածումը եւ զարգացումը Հայաստանի եւ շրջանին մէջ, հանրայնացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը:
Գրասենեակին մէջ նախագահը մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ «ուիքի» նախագիծերու զարգացման վերաբերող հարցերու քննարկման, որուն մասնակցեցան նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, պատասխանատուներ եւ մասնագէտներ:
Նախագահը ապա այցելեց «Միր» միջպետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան ազգային մասնաճիւղ, որուն նախանցեալ օր կառավարութեան որոշումով յատկացուեցաւ 60 միլիոն դրամ` Երեւանի մէջ տեղակայուած երկրային արբանեակային կայանի վերազինման համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ ընկերութեան թեքնիք կարելիութիւններուն, վերազինման ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ յառաջիկայ ընելիքներուն, զրուցեց մասնաճիւղի աշխատակիցներուն հետ: Նախագահին ներկայացուեցան «Միր» ընկերութեան ազգային մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուող արտադրութիւնը, ատոր ծաւալները, ստեղծագործական խումբին կողմէ պատրաստուող հաղորդումները, որոնք Հայաստանը կը ներկայացնեն շուրջ 162 միլիոն դիտող ունեցող «Միր»-ի լսարանին:


