Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիֆլիսի Ողողումներուն Պատճառով 457 Մարդ Վնասուած Են

June 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_Tbilisi«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան եւ ճգնաժամերու կառավարման խորհուրդը հաղորդած է, որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ ողողումներէն վնասուած են 457 մարդիկ, որոնցմէ 119-ը` երեխաներ:

«Աղէտին պատճառով վնասուած բնակչութեան հաշուարկման իբրեւ արդիւնք առողջապահութեան նախարարութիւնը արձանագրած է 106 ընտանիք, ընդամէնը` 457 մարդ: Անոնցմէ 119-ը երեխաներ են, 56-ը` տարեցներ, իսկ հինգը` յղիներ», ըսուած է խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ վերջին տուեալներուն, զոհուած է 19 մարդ, երեք քաղաքացի անյայտ կորսուած կը նկատուի:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարած է, որ 6,9 միլիոն տոլար յատկացուած է Թիֆլիսի մէջ ջրհեղեղէն վնասուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ աղէտի հետեւանքները վերցնելու համար: Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան որոշումով, պետական գանձարանին մէջ 15 յունիսին բացուած են յատուկ հաշիւներ, ուր բոլոր փափաքողները կրնան նուիրատուութիւն կատարել Թիֆլիսի ջրհեղեղէն վնասուածներուն օգնելու, ինչպէս նաեւ աղէտի հետեւանքները վերցնելու ծախսերը ֆինանսաւորելու համար: Յատուկ հաշիւներ բացուած են թէ՛ ազգային, թէ՛ ալ օտար դրամանիշով:

Pravda.ru կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Վրաստանի իշխանութիւնները Թիֆլիսի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղեն զգուշ ըլլալու, որովհետեւ քանի մը վտանգաւոր անասուններ` վագր մը եւ բորենի մը, որոնք անհետացած էին ողողումներուն ընթացքին, տակաւին չեն յայտնաբերուած:

Երկրին վարչապետը յայտնած է, որ փրկարարական ջոկատները չեն դադրեցուցած անասուններու փնտռտուքի աշխատանքները: Ան բնակիչներուն կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ զգուշ ըլլալու եւ անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնելու արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ վագր մը Թիֆլիսի մէջ յարձակած ու սպաննած է տղամարդ մը: Աւելի ուշ, նշեալ վագրը յայտնաբերուած էր եւ սպաննուած: Կատուազգիին վնասազերծման յատուկ գործողութիւնը տեղի ունեցած էր «Լակունա Վերէ» նախկին լողաւազանին յարակից տարածքին մէջ` կենդանաբանական պարտէզէն ոչ հեռու:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Քաղաքական Գործիչները Յանդիմանած Է Բնութեան Նկատմամբ Իրենց Անփոյթ Վերաբերմունքին Համար

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Զինուորական Օգնութիւն Յատկացնելուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.