Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկի Մետալով

June 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-18-15_alecco

17 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած են ազգային բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնք Հայաստան կը գտնուին Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ Երեւանի մէջ կառուցուած եւ կահաւորուած «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»-ի բացման առիթով:

Հանդիպումէն առաջ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են ազգային մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի յիշատակը:

Այնուհետեւ, ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր ուղղած է անոնց: «Պէզիքեան ընտանիքը առաջիններէն մէկն էր, որ 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք ձեռք մեկնեց Հայաստանին եւ այդ ժամանակէն ի վեր դարձաւ սփիւռք-հայրենիք կամուրջը ամրապնդողներէն: Այս ընտանիքը ոչ միայն Հայաստանի մէջ է, որ կ՛իրականացնէ բարեգործական նախաձեռնութիւններ, այլ նաեւ բազմաթիւ հայանպաստ ծրագիրներ կը  հովանաւորէ սփիւռքի մէջ:

«Յառաջիկայ օրերուն Պէյրութին մերձակայ ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» որբանոցի տարածքին մէջ պիտի բացուի Պէզիքեան ընտանիքին միջոցներով կառուցուած թանգարանը, որ իւրայատուկ յուշահամալիր է` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ որբերու  պատմութեան», յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները իրենց հայրենասիրական զգացումները լիովին կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն ու թոռներուն: Հայրենիքին նկատմամբ պարտքի զգացումը ամրապնդելու նկատառումով է, որ Երեւանի մէջ բացուած երիտասարդական կեդրոնը կը կրէ անոնց թոռնուհիին` 9-ամեայ Անիին անունը, որ հաւանաբար ամէնէն փոքր բարերարն է Հայաստանի մէջ եւ կը գիտակցի իր դերակատարութեան  կարեւորութեան, ըսած է նախարարը:

Մանրամասնօրէն անդրադառնալով եւ կարեւոր նկատելով Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ իրականացուած հայրենասիրական, բարեսիրական եւ այլ ներդրումները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ալեքքօ Պէզիքեանը պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` Ոսկի մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով գնահատանքին համար` Ալեքքօ Պէզիքեան նշած է, որ ազգային խոր գիտակցութիւնը եւ հայրենիքին նկատմամբ ունեցած պարտքի զգացումը ժառանգած է իր ընտանիքէն եւ կը փորձէ փոխանցել ապագայ սերունդներուն:

«Մեր երազն է հայրենիքը եւ սփիւռքը տեսնել ապահով, հզօր եւ միասնական: Մենք կը հաւատանք, որ կարելի է ամէն բանի հասնիլ, եթէ կայ հաւատք, ձգտում եւ նուիրում: Այդ հաւատքով է, որ մեծ սիրով կը ծառայենք մեր ազգին ու հայրենիքին», յայտնած է Ալեքքօ Պէզիքեան:

 

Նախորդը

Երկու Դայեակներու Պատմութիւն

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.