Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

June 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

6-11-15_hantesmangabardez1

6-11-15_hantesmangabardez2

6-06-15_hantesmangabardez3Շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Ինչպէս ամէն տարի, անգամ մը եւս մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ելոյթ ունեցան. այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Դէպի հայրենիք» խորագրուած հանդէսը:

Բեմին յարդարումը, բծախնդրութեամբ ընտրուած հայկական նախշերով տարազները, փոքրիկներուն պատգամները` հանդէսի բացման խօսքէն մինչեւ փակման խօսք, անցեալն ու ներկան միաձուլելով, ներկաներուն փոխանցեցին մեր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը: Դար մը առաջ բռնագաղթի ենթարկուած, որբացած, օտար երկինքներու տակ անտէր մնացած փոքրիկներուն տեղ այդ օր բեմին վրայ կանգնած էին մանկապարտէզի այսօրուան պահանջատէր մանուկները:

Հանդէսը սկսաւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն կողմէ արտասանուած բացման խօսքով. անոնք ըսին. «100 տարիներ առաջ թուրքերը ուզեցին բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցան: Մենք տարածուեցանք աշխարհի չորս կողմերը: Ահա՛, թէ մենք ո՛ւր գացինք»: Այնուհետեւ աշակերտները երգեցին «Հայերէն երգենք» եւ «Արագածի փէշերուն» երգերը, ապա խումբ-խումբ բեմ բարձրանալով` յաջորդաբար ներկայացուցին Այնթապի, Ուրֆայի, Սիսի, Սասունի, Վանի եւ Մուսա Լերան կլիման եւ այդ  շրջաններուն մէջ բնակող հայերուն նկարագրային յատկանշական գիծերը, աւանդութիւններն ու իւրայատկութիւնները: Ամէն անգամ, որ հայրենի քաղաք մը կը ներկայացուէր, անոր կը յաջորդէր տուեալ շրջանի բնակչութեան գաղթօճախին յատուկ պար մը. այսպէս` Այնթապէն Սուրիա հասնելով, փոքրիկները հանդէս եկան Քեսապի պարով, Ուրֆայէն` Եգիպտոսին յաջորդեց եգիպտական պար մը, Սիսէն Յունաստան` յունական պար մը, Սասունէն Ֆրանսա` ֆրանսական պար մը (Կապոյտ դասարանի աշակերտներ), Վանէն Ռուսիա` ռուսական պար մը (Կապոյտ դասարանի աշակերտներ) եւ վերջապէս Մուսա Լեռէն Լիբանան` լիբանանեան պարը (Կապոյտ դասարանի աշակերտներ): Պարերու աւարտին փոքրիկները բեմին վրայ զետեղեցին պաստառներ` հայրենի բոլոր շրջաններուն անունները կրող:

Կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագախումբով հանդէս գալէ ետք, խումբ մը աշակերտներ փակման խօսքը կատարեցին` մաղթելով, որ հետագային անպայման նոյնանման հանդէսներ պիտի կատարեն Արարատի փէշերուն: Ապա անոնք ներկայացուցին «Հայաստանը իմն է» խմբական պարը:

Հանդէսի աւարտին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան յանձնեց վկայականները: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ինք որո՛ւն ծոռն է` հայրենի ո՛ր գաւառէն կամ քաղաքէն ու ապագային ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ժամկոչեան Նայիրա, Մարսիմ Մեղրի, Պեհնէսիլեան Միկելլա, Պէրպէրեան Արին, Սէյիսեան Սանահին, Սրուրեան Լոռիթա, Տիսչէքենեան Սթեֆանի, Փեհլիվանեան Էլիզապէթ, Խոշաֆեան Քրիսթինա, Մայիսեան Լոռի, Յովակիմեան Էլենա, Պարսումեան Ռոզա-Ռիթա, Տօնապետեան Թամար, Ղազարեան Քրիսթին, Գասապեան Մեղրի, Գրիգորեան Կարին, Թազեան Նարօտ, Հանաշեան Լէա, Պարսումեան Պայծառ, Ստեփանեան Քամի, Քէօշկերեան Կալի, Քուսաօղլի Սարին, Ժերդիտեան Հայկ, Կիպինեան Լիւք Աթանաս, Հարպոյեան Կարի-Քանըր, Մարտիկեան Մարտիկ, Մենզոյեան Նորայր, Քէօշկերեան Յակոբ, Օտապաշեան Աւետիս, Աւագեան Հրակ, Գալանճեան Էլիօ-Ժաքոպ, Գէորգեան Այգ, Գույումճեան Քեւըն, Դերձակեան Նարեկ, Մելքոնեան Քամի-Մելքոն, Յակոբեան Նարեկ, Նիւրբեթլեան Անթոնի, Տէր Աբրահամեան Առնօ, Քելեշեան Կարօտ, Գասապեան Աւօ, Աբրահամեան Գրիգոր, Գարայեան Վայք, Մխճեան Արմէն, Չափարեան Կարէն, Պարսումեան Վարագ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք տնօրէնը ըսաւ, որ մանկապարտէզի հանդէսները սոսկ պարերու եւ երգերու ներկայացումներ չեն, այլ միշտ ունին դաստիարակիչ բաժին մը: Տարուան մը աշխատանքին ամփոփումը ըլլալէ բացի, հանդէսը կը ցոլացնէ ջամբուող հայեցի դաստիարակութիւնը: Փոքրիկը հանդէսի պատրաստութեան ընթացքին երբեմն կ՛իւրացնէ այնքան գիտելիք, որքան ամբողջ տարուան դասերուն ընթացքին: Հանդէսի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանին եւ բոլոր ուսուցչուհիներուն` իրենց ժրաջան աշխատանքին համար:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով:

Նախորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 30-Ամեակը` Երգով Ու Պարով

Յաջորդը

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արտասահմանեան Անդամի Վկայագիրի Յանձնումն Ու Շքադրումը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.