Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 30-Ամեակը` Երգով Ու Պարով

June 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-11-15_yeghishe

11 յունիս 2015-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին իւրայատուկ խանդավառութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի աշակերտները տօնեցին իրենց վարժարանին 30-ամեակը: Բեմը հայկական արուեստի գործերով ու երաժշտական գործիքներով զարդարուած էր, իսկ սրահը լեցուն էր ծնողներով, հիւրերով ու աշակերտներով: Փոքրիկներուն ոգեւորուածութիւնը կարելի էր նկատել իրենց կատարումներուն եւ կայծկլտացող աչքերուն մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց նախակրթարանի աշակերտ Սերգէյ Ունանեան: Ան յայտնեց, որ դպրոցը երեսնամեայ երիտասարդ մըն է, որ տակաւ առ տակաւ մեծցած եւ դարձած է գաղութի առաջատար հայկական վարժարաններէն մէկը: Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ շնորհիւ Աստուծոյ, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ աշխատանքներուն` դպրոցը նորանոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ:

6-11-15_yeghishe-(4)6-11-15_yeghishe-(3)Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ նախակրթարանի աշակերտները ինքնավստահ եւ զիլ ձայնով երգեցին ու պարեցին: Անոնք իրենց երգերով ու պարերով կը գովերգէին հայրենիքը, բնութիւնն ու մանկութիւնը: Տարբեր համ ու հոտ ունէր հայկական ժողովրդական երգաշարի` «Ելայ մթին», «Պու-պու», «Համոն», «Հինգ էծ ունեմ», «Լորիկ» եւ «Ճախրակ մանող» կատարումները: Մեծապէս ոգեւորիչ էին Հայաստանին եւ հայկական բանակին նուիրուած պարերը: Գեղեցիկ էր նաեւ «Զինուորի երդում» երգին մեկնաբանութիւնը:

Փոքրիկներուն աշակերտական ու բեմական կեցուածքը, տարազներու ներդաշնակութիւնը, համարձակ պարը եւ ուրախ երգը միահիւսուելով` բեմը դարձուցած էին գունաւոր աշխարհի մը, ուր իշխողը մանկական անմեղ ժպիտն էր, բայց մանաւանդ` սէրն ու կապուածութիւնը հայ մշակոյթին:

6-11-15_yeghishe-(1)6-11-15_yeghishe-(2)Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա» եւ «Հայաստան» երգերը, իսկ «Հայաստան, Արմենիա» պարով փակեցին հանդիսութիւնը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ դպրոցի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը կ՛ենթադրէ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ու արժանաւոր քաղաքացիի կերտում: Ապա հաստատեց, որ քոլեճի բարձր կրթական մակարդակը կը յատկանշուի հայեցի կրթութեամբ, եւ թէ` ուսումնական տարեշրջանի բոլոր օրերը Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ կ՛անցնին հայաշունչ եւ ուրախ մթնոլորտին մէջ:

Ան նկատել տուաւ, որ երեսուն տարիէ ի վեր շրջանաւարտ սերունդներ, շնորհիւ քոլեճին, յաջողած են իրականացնել իրենց երազները ու դառնալ արժանաւոր քաղաքացիներ ու հայ ազգին նուիրեալ հայեր: Զոհրապ Ղազարեան նշեց, որ քոլեճը հպարտութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը` պահպանելով հայ լեզուն ու մշակոյթը, բայց մանաւանդ` ուրախ մթնոլոտը:

Աւարտին, ան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներ` Գայեանէ Մարկոսեանին, Անի Կոստանեանին եւ Հուրի Քէշիշեանին, որոնց տարած տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է պատրաստել հանդիսութիւնը: Ծաղկեփունջեր նուիրուեցան երեք ուսուցչուհիներու:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Լիբանան Կը Մասնակցի Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Սկաուտական Առաջին Հանդիպումին

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.