Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Աննախընթաց Եւ Իւրայատուկ Նախաձեռնութեամբ. Հայկի Եւ Րաֆֆիի Խտասալիկի Մակագրում «Պայքարը, Դարը , Աւանդը» Կարգախօսով

June 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20150612_19115211201889_921917761194275_1797326029216660928_nՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 12 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ Հայկի եւ Րաֆֆիի երաժշտական խտասալիկի մակագրումը «Վիրճըն մեկա սթոր»-ի «Սիթի մոլ»-ի մասնաճիւղին մէջ, «Ժէան», Նահր Մոթ, ներկայութեամբ բարեկամներու եւ երաժշտասէր հանրութեան: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ իւրայատուկ այս քայլը արգասիքն է Հայկ Եոսուլքանեանի եւ Րաֆֆի Ներսէսեանի (կամ`Հայկի եւ Րաֆֆիի, ինչպէս որ կը կոչեն անոնք` իրենց անուան անգլերէն պատշաճեցումով) երաժշտական տարիներու հետեւողութեան, փորձառութեան եւ իրագործուած ճիգերուն, յատկապէս` որպէս ձայնի հաղորդավար կամ «տի ճէյ»: Արդարեւ, իրենց պատանեկութեան տարիներէն իսկ այս երկու տաղանդաւոր տղաքը յատուկ սէր տածած են երաժշտութեան, մասնաւորաբար անոր թրանս  («Յագեցած տարփանք») ճիւղին: 2008-ին անոնք կը ձեռնարկեն թրանսի «Սենշուըլ պլիս» («Զգացողական երանութիւն») երաժշտական յայտագիրը: Նմանպէս, ձայնի հաղորդավարի հմուտ փորձառութենէն ետք Հայկ եւ Րաֆֆի կը ծրագրեն այս մարզի արտադրողական բաժնի իրագործման ու 2013-ին յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները` անոնք կը յաջողին մեկնարկել «Սենշուըլ պլիս ռեքորտինկ» խորագրեալ իրենց սեփական ձայնագրութեանց պիտակը («Sensual Bliss Recordings» own record label):

Այս բոլորին մէջ աննախընթացն ու իւրայատուկը այն է , որ լիբանանահայ այս երկու հայորդիները Հայոց ցեղասպանութեան  համամարդկային ու համահայկական «ողբը» արտայայտեցին իրենց յատուկ ոճով, «ձայնի հաղորդավար»-ի իւրայատուկ, բայց համաշխարհային լեզուով: Լեզու մը, որուն թարգմանութիւնը` անոր թողած զգացական տպաւորութիւնն է տուեալ դատի մը, այս պարագային` Հայ դատի էութեան մասին:

Իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն  գծով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով`  անոնք յայտնեցին, թէ շատ ծրագիրներ ունին երաժշտական արձանագրութեան, արտադրութեան եւ առնչակից քայլերու գծով, որոնց մասին օրին կը հաղորդեն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրած անոնց խտասալիկի սկզբնաւորութեան կը նշուի, որ  Հայկ եւ Րաֆֆի իրենց ալպոմ-խտասալիկը կը նուիրեն «մեր ժողովուրդի կորուսեալ հոգիներուն» : Խտասալիկին ընդգրկած երաժշտութիւնները հիմնականին մէջ նուիրուած ու խորագրուած են ցեղասպանութիւն գուժող, բայց նաեւ վերականգնում խորհրդանշող` «Պայքարը»  «Դարը» «Աւանդը»   (the Struggle, the Century, the Legacy)  կարգախօսերով ու խորագիրներով, ինչպէս` «Կարմիր կիրակին» (23-ի գիշերը ((Red Sunday (The Night of 23)) «Անիի աւերակները»  (The Ruins of Ani) «Գոյատեւող սփիւռք» (Lasting Diaspora) եւ այլն: Նշենք, որ Հայկի եւ Րաֆֆիի այս նախաձեռնութեան մէջ իրենց օժանդակութեան բաժինը ունին նաեւ, անոնց բարեկամները`  Սամուէլ Չոպանեան, Արտակ Լալայեան եւ Տենի Յակոբեան: Այս առթիւ անոնք ներկաներուն մակագրեցին իրենց խտասալիկէն օրինակներ:

 

Նախորդը

Նոր Գիրքեր. Երեք Գիրք Մէկ Կողքի Տակ

Յաջորդը

Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Աշակերտական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.