Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան երէկ բաց նամակով մը հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտիին ուշադրութեան յանձնեց քաղաքացիներուն (եւ պատասխանատուներուն…) ջիղերը գրգռող երթեւեկի խճողումին հարցը` դիտել տալով, որ տարեկան աւելի քան 100 հազար ինքնաշարժներ Լիբանան մուտք կը գործեն, մինչ ճամբաներուն եւ կամուրջներուն վիճակը տակաւին նոյնն է:
Այս առիթով Այանեան Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան կարելիութիւնները դրաւ նախարար Ղազի Արիտիի տրամադրութեան տակ` առաջարկելով կարգ մը գործնական միջոցառումներ:


