Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՀԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԳԵՐԻԻՆ ԲՈՂՈՔԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ

August 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արթուր Բադալեան

Հինգ ամիս առաջ ազրպէյճանական գերութենէն վերադարձած Արթուր Բադալեանի բողոքը ընդդէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արդէն ուղարկուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Շուրջ երկու տարի գերութեան մէջ անցուցած Հայաստանի 32-ամեայ քաղաքացին կը բողոքէ զինք գերեվարելու եւ իր նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերմունքին համար:

Տաւուշի մարզի Հաղարծին գիւղի բնակիչ Արթուր Բադալեանին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմում պատրաստելու գործին մէջ օգնած է Վանաձորի մէջ գործող «Ռազմավարական դատավարութիւններու կեդրոն» նորաստեղծ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը:

Կազմակերպութեան նախագահ, փաստաբան Էտմոն Մարուքեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ դիմումին իբրեւ հիմք դրուած են Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան եւրոպական ուխտի երրորդ եւ հինգերորդ յօդուածներով սահմանուած դրոյթները:

«(Բադալեան) ենթարկուած է խոշտանգումներու, բանտին մէջ պահուած է Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտով երաշխաւորած իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խախտումներով, որուն համար կ՛ակնկալենք, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ճանչնայ ուխտի երրորդ յօդուածին, այսինքն` խոշտանգումներու արգիլում, եւ հինգերորդ յօդուածին` անձի ազատութեան անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու խախտում», նշեց Մարուքեան:

Արթուր Բադալեան երկու տարի առաջ իր ընկերներուն հետ սունկ հաւաքելու ժամանակ մոլորելով Ազրպէյճանի սահմանակից Տաւուշի մարզի անտառներուն մէջ` անցած էր սահմանը: Ազրպէյճանական իշխանութիւնները չէին բացայայտեր անոր գտնուելու վայրը, մինչեւ որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն գերութենէն շուրջ մէկուկէս տարի ետք զայն յայտնաբերեց ազրպէյճանական զօրամասերէն մէկուն մէջ: Մինչ այդ անոր ընտանիքը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեկութիւններ չունէին Բադալեանի գտնուելուն վայրին մասին:

Արթուր Բադալեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին պատմած էր իր նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին մասին` ըսելով, որ զինք պահած են քաղցած, ցուրտ եւ խոնաւ խուցի մը մէջ, ենթարկած են խոշտանգումներու եւ հոգեբանական ճնշումներու:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները երկու ամիս առաջ ազրպէյճանական մամուլին մէջ յայտարարեցին, որ Բադալեանի նկատմամբ ցուցաբերած են մարդկային վերաբերմունք` ապահովելով անոր կենսապայմանները: Մինչդեռ նախկին գերին կը շարունակէ հակառակը պնդել:

Արթուր Բադալեան կը բողոքէ նաեւ իր առողջութեան գծով: Ան կը շարունակէ յայտարարել, որ ազրպէյճանական կողմը իր մարմինին մէջ տեղադրած է լսող սարք, որով կը փորձէ կառավարել զինք:

Նախկին գերին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութիւններու» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ բուժում ստացած է, այսուհանդերձ` անոր առողջութեան վերաբերեալ տրուած նախնական գնահատականին մէջ կը մատնանշուին հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ:

Բադալեանի առողջութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ գերութեան առնչուող փաստաթուղթերը փաստաբանը կցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան ուղարկուած գործին:

Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ հայկական կողմը կ՛որոշէ դատի տալ Ազրպէյճանը իր քաղաքացին խոշտանգումներու ենթարկած ըլլալուն համար: Ըստ փաստաբանին, դատարանի որոշման կայացման համար քանի մը տարի կը պահանջուի: Ան նշեց, որ ասիկա նախադէպ պիտի դառնայ այլ դէպքերու համար եւս:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին տուեալներով, Ազրպէյճանի մէջ ներկայիս երեք հայ ռազմագերիներ կան եւ հինգ հոգինոց մէկ ընտանիք, իսկ Հայաստանի մէջ կայ մէկ ազրպէյճանցի ռազմագերի:

 

Նախորդը

«ՆԱՊՈՒՔՕ ԵՒ ԻԹՅ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՌԵԿՆՈՒՄ»Ի ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՐՏՔԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.