Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբին Տարեկան 5-րդ Ճաշկերոյթը

June 9, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-08-15_tayyar

PROFOTO
PROFOTO

Նախորդ շաբաթավերջին, «Լ՛ՈՍ» ճաշարանին մէջ (Պէյթ Մերի), տեղի ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբին տարեկան 5-րդ ճաշկերոյթը:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Իպրահիմ Քանաան, Ալեն Աուն, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներ, տարբեր շրջաններու քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, ֆետերասիոններու նախագահներ, կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ժիհատ Սալամէ
Ժիհատ Սալամէ
Տինա Նասըր
Տինա Նասըր

Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Տինա Նասըր, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ մէկ տարուան ընթացքին յանձնախումբին կատարած տարբեր տեսակի գործունէութիւններուն` լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ:

Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, զոր պատրաստած էին Ժատ Տըայպես եւ Սարգիս Երէցեան:

Մարզական յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէ խօսք առնելով ըսաւ, որ ապագայի հաշուոյն շատ աւելի լաւ արդիւնքներու կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ, եթէ փտածութիւնը միջամուխ չըլլայ մարզական իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը աւելի շատ նիւթական միջոցներ տրամադրէ ակումբներու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ կարգ մը դաշտերու շինարարական աշխատանքներուն մէջ մսխումներ չկատարուին:

Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն

Ապա խօսք առաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ըսաւ, թէ այսօր կը խօսի մարզական նիւթի մասին, հեռու` քաղաքականութենէն:

Ան շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ բոլորը պարտք պէտք է զգան, որ լիբանանեան բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն արժէք տրուի եւ գտնուի լուծումը, լիբանանցի մարզիկները փայլուն արդիւնքներու հասնին թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Աւարտին, տարբեր մարզաձեւերու մէջ յաջողութիւններու հասած անհատներու եւ խումբերու տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ:

 

Նախորդը

Լիվըրփուլ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Թեւեզը

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Արագացնել Տէ Ժէայի Իր Կազմին Միացումը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.