Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՒՐԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

March 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕՄԱՆ

Օմանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քապուս պըն Սայիտ սուլթանը երկրին մէջ ծայր առած ցոյցերուն հարցը լուծելու փորձով մը որոշած է իր օրէնսդրական լիազօրութիւններուն մէկ մասը զիջիլ մասնակիօրէն ընտրովի Օմանի խորհուրդին:

ՕՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուլթան Քապուս յայտնած է, որ պիտի կրկնապատկէ հանգստեան կոչուածներուն ամսական թոշակը եւ անոնց յաւելեալ նպաստներ պիտի տրամադրէ: Ան նախապէս ցոյցերուն լոյսին տակ շարք մը նախարարներ պաշտօնազրկած էր:

Օմանի խորհուրդը, որ նախապէս միայն խորհրդատուական պաշտօն ունէր, բաղկացած է ընտրովի Շուրայի խորհուրդէն եւ սուլթանին կողմէ նշանակուած Պետական խորհուրդէն:

ՕՆԱ յայտնեց, որ պետութեան հիմնական օրէնքը (սահմանադրութիւնը) բարեփոխելու համար պիտի կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որ երեսուն օր ետք պէտք է իր եզրակացութիւնները ներկայացնէ սուլթանին:

ՄԱՐՈՔ

Մարոքի մեծագոյն քաղաքին` Քազապլանքայի մէջ ապահովական ուժերը արգելք հանդիսացան, որ բարեփոխումներ պահանջող շուրջ հարիւր անձեր ցոյց մը կատարեն: Ոստիկանները փակեցին Մոհամետ Ե. թագաւորի անուան հրապարակը եւ բռնի ուժով այդտեղէն դուրս մղեցին ցուցարարներ եւ անցորդներ` պատճառելով շարք մը վիրաւորներ:

Ցուցարարները անդամ էին իսլամական Արդարութիւն եւ բարեգործութիւն կուսակցութեան, որ թէեւ արգիլուած է, սակայն անոր նկատմամբ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերուի եւ երկրին կարեւորագոյն քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկն է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ աւելի քան երկու հարիւր ցուցարարներ երէկ ներքին գործոց նախարարութեան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով իրենց ընտանեկան պարագաներուն ազատ արձակումը: Ասիկա շրջանին մէջ ծաւալած բողոքի ցոյցերու ալիքի սկիզբէն ի վեր երկրին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած մեծագոյն ցոյցն էր: Սէուտական իշխանութիւնները արգիլած են ցոյցերը եւ վճռակամ են արգելք հանդիսանալու, որ Պահրէյնի մէջ շիիներու ցոյցերը տարածուին նաեւ թագաւորութեան արեւելեան շրջանները: Ապահովական ուժեր ուրբաթ օր արգելք հանդիսացած էին Ռիատի մէջ նախատեսուած ցոյցի մը կայացման:

Կիրակի օր ցոյց կատարողները ապահովութեան եւ ահաբեկչութեան առնչուած ամբաստանութիւններով արգելափակուած իրենց սիւննի ընտանեկան պարագաներուն մասին տեղեկութիւն եւ անոնց անմիջական ազատ արձակումը կը պահանջէին:

Ցուցարարները պահանջեցին հանդիպում ունենալ ներքին գործոց նախարար Նայեֆ իշխանին հետ, սակայն անոնց խնդրանքը մերժուեցաւ եւ անոնց չարտօնուեցաւ նախարարութեան շէնք մուտք գործել:

ՊԱՀՐԷՅՆ

Ոստիկանները եւ ցուցարարները դէմ յանդիման` Պահրէյնի մէջ

Պահրէյնի մէջ ցուցարարներ երէկ փակեցին երկրին ելեւմտական նաւահանգիստ տանող ճամբան, իսկ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր ռումբեր եւ ջրաձիգ ինքնաշարժներ օգտագործեց զանոնք ցրուելու համար:

Շիի ընդդիմադիր չափաւորական Ուաֆտ կուսակցութեան անդամ Իպրահիմ Մաթար յայտնեց, որ երկու ցուցարարներ իրենց գլխուն ծանր վէրքեր ստացած են, իսկ տասնեակներ արցունքաբեր կազ շնչելէ ետք դարմանուելու փոխադրուած են:

Առաւօտեան ներքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր ցուցարարներուն կոչ ուղղած էր` իրենց ապահովութեան համար վերադառնալու Մարգրիտի հրապարակը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը վերցուցած է ելեւմտական նաւահանգիստի մայրուղիին վրայ հաստատուած վրանները, երբ ոստիկան մը դաշունահարուած է, իսկ ուրիշ մը գլխէն վէրքեր ստանալով հիւանդանոց փոխադրուած է:

Միւս կողմէ, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը մերժեց Պահրէյնի ներքին հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն եւ նշեց, որ խորհուրդի անդամ երկիրները ամբողջականօրէն կը զօրակցին Պահրէյնի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին` մեկնելով «ճակատագիրի միութեան եւ խորհուրդի պետութիւններու ապահովութեան իրարու կապուած ըլլալու սկզբունքէն»: Խորհուրդը Պահրէյնի ընդդիմութեան կոչ ուղղեց Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պըն Ալ Խալիֆա իշխանի երկխօսութեան կոչը դրական կերպով ընկալելու:

ԵՄԷՆ

Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տանիքներու վրայ դիրք բռնած ոստիկաններ կրակ բացին Սանաայի համալսարանին մօտ նստացոյց կատարողներուն վրայ` վիրաւորելով աւելի քան հարիւր հոգի:

Մահակներով եւ դանակներով զինուած ոստիկաններ ու իշխանութեան համակիրներ իրենց կարգին յարձակում գործեցին նստացոյց կատարողներուն վրայ: Վիրաւորներէն քսանը իրենց ուշքը կորսնցուցին կազեր շնչելնուն համար եւ դարմանուեցան:

Թայիզ նահանգին մէջ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներուն պատճառով չորս վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի այս իրադարձութիւններուն առնչութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, որ բռնարարքները պէտք է դադրին: «Եմէնեան կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք այս դէպքերուն շուրջ անմիջապէս հետաքննութիւն կատարելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ժողովուրդներ ամէնուրեք խաղաղ ցոյց կատարելու, ազատ կերպով հաւաք կատարելու եւ իրենք զիրենք արտայայտելու նոյն տիեզերական իրաւունքը ունին»:

Նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ իր մօտիկ մէկ ազգականը` զօր. Ապտել Իլահ Քատին պաշտօնազրկեց իր վարած զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնէն: Վերջինս հետագային յայտարարեց, որ ցուցարարներուն կը զօրակցի: Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ մտադիր է կիրակի օր Սանաայի մէջ ցուցարարներուն այցելելու: Անոր որդին նախապէս հրաժարած էր իշխող Համագումար կուսակցութենէն:

Նախորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԵԼՔ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ

Յաջորդը

ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՇՐՋԱՆՑԵՑ 10 ՀԱԶԱՐԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.