Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաննի «Միտեմ» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին` Հայաստան Պատուոյ Հիւր

June 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_midemՖրանսայի Քանն ծովափնեայ քաղաքին մէջ 5 յունիսին ընթացք առաւ «Միտեմ» երաժշտական փառատօնը: Չորս օր շարունակ` 5-8 յունիսին քաղաքին մէջ պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւն: Հայաստանը այս տարի «Միտեմ» հեղինակաւոր միջազգային երաժշտական փառատօնին կը մասնակցի իբրեւ պատուոյ հիւր:

Քաննի նշանաւոր Փառատօներու պալատին մէջ 5 յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան այս առնչութեամբ մանրամասնութիւններ փոխանցած է: Անոր համաձայն, Հայաստան այս հեղինակաւոր փառատօնին կը ներկայանայ «Երաժշտութեան հայկական տարրերը» հայեցակարգով: Իբրեւ «Միտեմ-2015» փառատօնի խորհրդանիշ ընտրուած է նուռը, որ պատկերուած է չորս տարբեր գոյներով եւ կը խորհրդանշէ ոգեշնչման չորս հիմնական տարրերը` հողը, օդը, ջուրը եւ կրակը:

«Այս տարին մեզի համար յատուկ տարի է` Ցեղասպանութեան հարիւր տարին է: Մենք չորս խորհուրդներ յստակօրէն ձեւակերպեցինք այս տարուան համար` առաջինը մեր յիշողութիւնն է, երկրորդը` երախտագիտութիւնն է անոնց, որոնք օժանդակեցին մեզի այդ դժուար օրերուն, երրորդը` միջազգային պայքարն է, որով մենք պէտք է հասնինք հոն, ուր Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնայ այն երկիրը, որ գործադրած է զայն, եւ վերջապէս վերջինը վերածնունդի գաղափարն է: Մենք կը ներկայացնենք մեր երաժշտական մշակոյթը, որ պահպանուեցաւ եւ վերստեղծուեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք: Այս մշակոյթով մենք կը քալենք դէպի ապագայ», յայտնած է Յասմիկ Պօղոսեան:

Քաղաքը, որ փառատօնի օրերուն յատկապէս լի կ՛ըլլայ զբօսաշրջիկներով, զարդարուած է հայկական գոյներով, փողոցները` «Հայաստան-Պատուաւոր երկիր» խորհրդանշող դրօշներով, քաղաքային վահանակները ամէնուր կը ծանուցեն հայկական նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին: Քաննի նշանաւոր Փառատօներու պալատին հիմնական վահանակը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանին:

Հայաստան «Միտեմ»-ի փառատօնին պատուաւոր երկրի կարգավիճակով կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Տաշիր կրուփ» ընկերութեան հովանաւորութեամբ:

Այս չորս օրերուն թէ՛ բացօթեայ բեմահարթակներուն վրայ, եւ թէ՛ համերգային դահլիճներուն մէջ պիտի հնչեն հայկական դասական, հոգեւոր, ճազ, ռոք, էթնօ-ճազ կատարումներ եւ այլն: Պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ հայկական մշակոյթի, ժողովրդական գործիքներու, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ներշնչուած աշխարհահռչակ երգահաններու` Հայաստանին նուիրուած ստեղծագործութիւններուն նիւթերով:

«Միտեմ»-ը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ նաեւ հայ մեծ երգահան ու մանկավարժ Կոմիտասին` անոր մահուան 80-ամեակին առիթով:

Փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ հայ ազգային խոհանոցն ու խմիչքները:

 

 

Նախորդը

Շփման Գիծի Դիտարկումը Անցած Է Առանց Դէպքերու

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Երէկ Ֆրանսա Հասաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.