Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Արեւիկ Փափազեանի Խօսքը՝ ԶՈՄ-ի Կողմէ

June 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 28` փառաւոր յաղթանակ. 1918` թուական մը, երբ մոխրացած հայրենիք մը յանկարծ շունչ առաւ եւ 600 տարուան ստրկութենէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ. Հայաստանի առաջին անկախութիւն` գրեթէ հրա՞շք մը:

Ահա մեր պատմութեան մէջ հատուած մը, որ կը խլէ մեր ուշադրութիւնը եւ առասպելական հեքիաթի մը նման կը գրաւէ մեր սրտերը: Ո՞վ կը սպասէր, որ այդքան անմարդկային ոճիրներու ենթարկուած ժողովուրդը տակաւին պիտի ունենար կամքը եւ քաջութիւնը` կռուելու նո՛յն բանակին դէմ, որ դեռ  քանի մը ամիս առաջ կը մորթէր իր ազգակիցները:

Երբ զգացականօրէն մօտենանք պատմութեան այս հատուածին, թերեւս յարմարագոյնը կ՛ըլլայ զայն հրաշք անուանելը: Իսկ առարկայական մօտեցումը առիթ կը ստեղծէ անդրադառնալու կազմակերպական փայլուն գիծերու եւ անբիծ անհատականութեան նկարագրի:

1917-ի դեկտեմբերին Արամ Մանուկեան կ՛անդրադառնայ օտար պետութիւններու քաղաքականութեան եւ կ՛ըսէ.

«Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք էլ է լինում, դա խօսք է` զուրկ իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում, շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

Խօսքեր, որոնք կը ցոլացնեն Արամ Մանուկեանի արթուն միտքը, անոր գործի՛ն ընծայած կարեւորութիւնը, եւ յատկապէս քաջութիւնն ու նախաձեռնելու պատրաստակամութիւնը: Արամի այս կոչն է, որ համախմբեց հայութիւնը իր բոլոր խաւերով եւ պատրաստեց ամուր ճակատ: Գաղտնիք չէ, որ առանց Արամի կազմակերպչական կարողութեան եւ ղեկավարի փայլուն նկարագրին` պիտի չյաջողէինք կերտել անկախ հայրենիք: Եթէ օրուան ղեկավարութիւնը հետեւէր հոսանքին եւ տեղի տար բնական ընթացքին, հայ ժողովուրդի բնաջնջման աշխատանքը կը շարունակուէր: Համարձակ եւ դժուար քայլ է հոսանքին հակառակ կանգնիլը եւ խիզախութիւն է, հակառակ յուսահատ մթնոլորտին ու Երեւանը դատարկելու առաջարկներուն, վճռականօրէն հրահանգելը, որ նոյնիսկ մեռնելու գնով` «Երեւանը չենք դատարկի»:

Այս տիպարն է, որ փրկեց հայութիւնը ստրկութենէն: Քաջութիւն, նախաձեռնութեան ոգի, պէտք եղած ատեն հոսանքին հակառակ քալելու յանդգնութիւն, կազմակերպչական շնորհք` արժէքներ, որոնք անհրաժեշտ էին անկախութեան կերտումին համար, որոնք անհրաժեշտ են ազգային կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւն յառաջացնելու, եւ որոնցմով պէտք է զինուինք, յատկապէս ուսանողներս, որպէսզի յաջողինք հայկական իրականութեան մէջ ձգելու դրական դրոշմ մը:

Այսօր ալ ունինք անկախ հայրենիք, պետականութիւն, որ արդէն 23 տարեկան է: Արամը եւ օրուան ղեկավարութիւնը գոհ պիտի ըլլայի՞ն այսօրուան Հայաստանէն եւ մեր կեցուածքէն անոր հանդէպ: Պարբերական այցելութիւններէն եւ կարօտագին խօսքերէն բացի` որքանո՞վ կը մտածենք անկախ հայրենիքի իրավիճակին մասին: Կը տառապի՞նք անոր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական տագնապներով ինչպէս որ 1918-ին Արամները տառապեցան: Կը ծրագրե՞նք գործնական քայլեր` հզօրացնելու համար հանրապետութիւնը: Կը մտադրե՞նք հայրենադարձութեան ճամբան բռնելու: Կը գիտակցի՞նք որ միասնականութիւնը անհրաժեշտ պայման է որեւէ ազգային յաղթանակ կերտելու:

1918-ի անկախացումէն ետք հայրենիքի համար գործը չդադրեցաւ: Չորս կառավարութիւններ իրարու ետեւէ աշխատեցան գաղթականներու պէտքերը հոգալու, սովը կասեցնելու, բանակ կազմելու, շինեցին եւ ստեղծագործեցին առանց դոյզն ուշադրութիւն դարձնելու իրենց դիրքին եւ պաշտօնի բարձրութեան: Բոլորին փափաքով «տիքթաթոր»-ի կոչում առած անձ մը իր բարձր դիրքէն իջաւ ցած եւ ընդունեց պարզ նախարարի մը պաշտօնը: Ղեկավարները մնացին ժողովուրդին մօտիկ եւ եղան ծառայ անոր, որովհետեւ գո՛րծն էր կարեւորը, հայրենիքի բարօրութի՛ւնն էր առաջնահերթութիւնը, ո՛չ խօսքն ու դիրքը:

Հիմա ալ գործ կայ, մեր կարծածէն շատ աւելի: Ամէն ընտրական խախտում, դրամատիրական նոր ձեռքբերում, դասակարգային խտրականութիւն կամ որեւէ ընկերային անարդարութիւն գործելու եւ դիմադրելու նոր դաշտեր կը բանայ մեր դիմաց: Անկախ չ՛ըլլար պետութիւն մը, երբ չունենայ տնտեսական անկախութիւն, երբ անոր ժողովուրդը չունենայ հոն ապրելու հանգիստ պայմաններ, երբ պետական պաշտօնեաներ կամ կուսակցութիւններ ըլլան խամաճիկը երկրի հարստութիւնը սեփականացնող մարդոց:

Բաւարար է, որքան Հայաստանը դիտած ենք երազային հայրենիքի ակնոցով: Պէտք է հանենք ակնոցները եւ տեսնենք իրականութիւնը: Որպէս ուսանողներ, կանաչ լոյսը մեր ձեռքն է, պարզապէս կարիքը ունինք Արամի քաջութեան եւ նախաձեռնութեան ոգիին: Դուրս պէտք է գանք կրաւորականութենէ: Որպէս սփիւռքահայեր` ունինք երկու գործելադաշտ` մեր գաղութը եւ մեր հայրենիքը: Երկուքը իրարու կը միանան ի վերջոյ: Ըլլայ հոս թէ հոն, անհրաժեշտ է, որ մե՛ր կամքով նետուինք աշխատանքի ծով, երիտասարդութի՛ւնն է, որ սկիզբ պիտի դնէ ապագայ ծրագիրներու: Ամէն մէկ զօրակցական քայլ, ժխտական երեւոյթներու ամէն ընդդիմութիւն, դրական փոփոխութեան ամէն առաջարկ կամ պարզապէս քննական ամէն մտածում իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընդհանուր աշխատանքին վրայ: Այսպէ՛ս է, որ կը կարեւորուի ուսանողութեան դերը ազգի խնդիրներու լուծման մէջ:

Վստահի՛նք մեր կարողութիւններուն եւ ներշնչուելով Արամ Մանուկեանի խօսքերէն` ապաւինի՛նք մեր սեփական ուժերուն: Գործի՛ ժամ է:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Յարութ Լափաճեանի Խօսքը՝ ԼԵՄ-ի Կողմէ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Խօսքը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.