Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Եւ Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ. Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Բ. Մաս)

June 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Արեւմուտք Եւ Արեւելք…

Մարսէյի վարժարանի շէնքը. աշակերտներ:
Մարսէյի վարժարանի շէնքը. աշակերտներ:

Արեւելեան Սփիւռքի` Միջին Արեւելքի մեր համայնքները, արդէն նշուեցաւ, նկատուեր են «լեզու պահող, մշակոյթ պահող» համայնքներ: Այդպիսին ալ եղած են, ճիշդ է: Բայց ճշմարտութեան աւելի մօտ կ՛ըլլանք, եթէ քաջութիւն ունենանք աւելցնելու, անգամ մը եւս, թէ այդպիսին եղած են շնորհիւ առարկայական պայմաններու, միջին-արեւելեան երկիրներու ընկերա-մշակութային ու կրօնական մասնայատուկ վիճակին կամ կառոյցներուն, առաւելաբար…

Աւելի՛ եւս մօտ` կ՛ըլլանք ճշմարտութեան, եթէ նաեւ փնտռենք-գտնենք, որ նպաստաւոր պայմաններ վայելող «անխառն հայախօս» այս շրջաններուն ապրեցուցած հայերէնը այսօր որքա՛ն թերի է իբրեւ մայրենի լեզու, այս բառի բնականոն իմաստով: Որ` շրջաբերող արեւմտահայերէնի աղքատացման ընթացքը աչք ծակող երեւոյթ է այսօր` իր գործածման մակարդակներով ու մարզերով.- Խօսակցական լեզու մը` աղքատացած ուրոյն, ապրող ասոյթաձեւերէ, զարդարուած տեղական լեզուէ փոխառեալ բառ ու ասոյթներով, իսկ զարգացեալ տարրին մօտ` ծանրացած օտար բառ-եզրերով, նոյնպէս փոխառեալ…: Անխառն խօսուած-գրուած հայերէն մը փաստօրէն դատապարտելով մնալու անընկալելի, անհասկնալի` գրեթէ բոլորէն…:

Հիւծումի կիսածածուկ այլ անվիճելի նշաններ` «լեզու եւ մշակոյթ պահող» մեր այս համայնքներուն մօտ.- Մայրենի լեզուի ուսուցման որակական տագնապը, ու որակէն առաջ` ուսուցիչ մարդուժի՛ իսկ ահազանգային նուազումը. փաստեր` որոնք, առարկայական ազդակներով պայմանաւոր, բայց սերտօրէն կապուած են նաե՛ւ որակական այս նուազումին: Դեռ` վատուժ, «բրածոյ» հրապարակագրական լեզու-ոճ մը, որ կ՛ողողէ այսօր Սփիւռքի մամուլը մեծ մասամբ: Ապա` ջահակիր գրական նոր սերունդի եւ նոր անուններու բացակայութեամբ` գոսացումը գրականութեան երակին: Ու ասոր հետեւող` աստիճանական անէացումը գրականութեան ստեղծագործ լեզուի:

Ահա ահազանգիչ նշանները, որոնք կու գան մեր առջեւ պատկերելու, թէ ինչպէ՛ս լեզու մը` ապրող օրկանիզմէ` աստիճանաբար կը հիւծի, կը դառնայ մեռեալ լեզու – «գրաբար»…

Մայրենի լեզուն` կա՛մ գրեթէ լրիւ կորսուած, կա՛մ կորսնցուցած` որակ ու կենսունակութիւն, ինքզինք նորոգելու կարողութիւն…: Ահա՛ տարբերութիւնը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ: Ասկէ անդին` հայախօս համայնքներու մասին խօսիլ որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան, ու որքանո՞վ կ՛ըլլայ սոսկ մխիթարիչ պատրանք: Ա՛լ դժուար չէ որոշել:

Եւ քաղաքական Դատի երեւութապէս կենսունակ գործունէութիւն մը չէ, որ պիտի փոխարինէ մեր ազգային-մարդկային ինքնութիւնը, անոր բովանդակութիւնը կայացնելու կոչուած լեզու-մշակոյթ էութիւնը, դարմանէ անոր բացը: Քաղաքական գիտակցութիւնը դրական գործօն կը դառնայ յօգուտ մեր ինքնութեան` միա՛յն եթէ առիթ տայ գիտակցելու լեզուա-մշակութային այդ միջուկի անհրաժեշտութեան, անփոխարինելիութեան. եւ գրգիռ տայ վերադառնալու անոր` մշակութային վերահայացումի: Ատով միանգամայն ապահովելով իր իսկ յարատեւութիւնը: Այլապէս, քաղաքականը, մանաւանդ եթէ ինքնիրեն վերագրէ ինքնութիւն փոխարինողի խաբուսիկ հանգամանք, կ՛ունենայ կարճաշունչ գոյութիւն: Աւելի՛ն. արթնցնող գործօնէ` կը վերածուի թմրեցուցիչի, ժխտական գործօնի:

Լեզու-Մշակոյթ` Պահպանելի Են Միայն Որակով…

Արդեօ՞ք աւելի դժուար է լեզուա-մշակութային ինքնութիւն փրկել, քան ազգային-քաղաքական Դատի պայքար տանիլ: Այդպէս կ՛երեւի…:

Մտահոգիչը այն է, որ արեւմտահայերէնի այս անհետացումը կամ որակազրկումը զուտ լեզուամշակութային երեւոյթ չէ: Անիկա արդէն աւելի դիւրին կ՛ընկալուի, երբ կը տեղադրուի մեր համայնքներու` մարդկային հոգեմտաւոր որակի՛ նուազման երեւոյթին: Եւ ընդլայնուած այս բացատրութեան մէջ` ա՛լ աւելի իրարու կը մօտենան եւրօ-ամերիկեան եւ միջին-արեւելեան տիպի մեր համայնքները, թէ՛ իբրեւ կառոյց ու ընթացք, թէ՛ իբրեւ ապագայի հեռանկար…

Դարձած ենք համայնքներ` յաճախ յոգնած կորիզով, կծկուած.  պարզ պահպանման ձգտող մշակոյթով: Եւ` այդ կորիզին շատ թոյլ կապուած, կամ անկէ լրիւ խզուած` լուսանցային մեծամասնութիւն մը, ներառեալ` կարեւոր համեմատութիւն մը թանկագին որակէն…: Ու ասիկա` ամէ՛ն տեղ, Արեւմուտքէն` Արեւելք, եթէ զեղչենք աստիճաններ ու տեղային տարբերութիւններ:

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շէնքը, մայր եկեղեցիին քով: Վարը` տեսարան վարժարանի մշակութային մէկ ձեռնարկէն:
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շէնքը, մայր եկեղեցիին քով: Վարը` տեսարան վարժարանի մշակութային մէկ ձեռնարկէն:

Մշակութային կորիզ եւ լուսանցք` այսպէս երկուքն ալ կը հակին ծայրագոյն վիճակներու. լուսանցքը` ցրուելու, կորիզը` կծկուելու, գոցուելու: Եւ գոց մշակոյթ մը, որ կ՛արգելակէ նորոգումը ե՛ւ մշակոյթին, ե՛ւ զայն դրսեւորող լեզուին, իր կարգին կը դառնայ վնասակար: Վնասակար` ընդհանրապէս, բայց յատկապէս մեզի նման տարասփիւռ, ոչ-պետական հաւաքականութիւններու համար:

Գո՛ց մշակոյթ, որ` ուրիշ թերիներու կարգին` կը տառապի անատակութենէ ինքզինք մատուցանելու նոր սերունդներուն: Չունի մանկավարժութիւն: Լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցումը (հոն` ուր դեռ կայ դպրոց ու փոխանցում…) կ՛ապրի իբրեւ տաժանելի բեռ ու իմաստազուրկ ծէս, ո՛չ իբրեւ ուրախութեան տօն, իբրեւ հաղորդութի՛ւն…: Եւ բնականօրէն նաեւ կը վախնայ ինքզինք երիտասարդացնելէ, երիտասարդ ուժերու տեղ տալէ. թերեւս արդարօրէն վախցած` անոր անբաւարար որակէն (բայց որո՞ւ մեղքով…), եւ անարդարօրէն վախցած` սերնդափոխի բերելիք նորութիւններէն ու նորոգումէն…:

Լա՛ւ գիտենք ողբալ համաշխարհայնացումը, բայց երանի՜ ողբալու փոխարէն գործածէինք քիչ մը արթնութիւն ու կամք` անոր կոյս-անտառներու նորանոր պտուղները քաղելու. լեզուի ուսուցման մանկավարժական մեթոտներու հմտանալով` չարիքը ի նպաստ մեզի շրջելու – գոնէ մասով մը…:

Այո՛, յայտնօրէն, աւելի դժուար կ՛երեւի լեզուա-մշակութային ինքնութիւն փրկել, քան ազգային-քաղաքական Դատի պայքար տանիլ: Յօգուտ այս վերջինին` ի վիճակի ենք` քիչ շատ` նորագոյն զէնքեր դարբնելու, գոնէ փոխառութեամբ գործածելու: Ու հարց է` ինչո՞ւ նոյնքան արդիական եւ արդիւնաւէտ զէնքերով ու ոճով չենք յաջողիր տանիլ մեր լեզուա-մշակութային Դատի պայքարը: Ո՞չ որովհետեւ ասիկա պայքար է… ընդդէմ մեր իսկ միջակութեան, որակային անբաւարարութիւններուն: Մեր պայքարը` մե՛զի դէմ…:

… Եւ Գոյատեւման Սեփական Որոշումով

Սփիւռքներու համար, ինչպէս մերինին, այս քրոնիկ, վտանգաւոր կացութենէն փրկութիւնը` կարճ խօսքով` ա՛յն պիտի ըլլար, որ մշակութային կորիզը ջանար բացուիլ լուսանցքին, ձգտելով զարգանալ, որակ ստեղծել.: Նաեւ` բացութեամբ եւ որակով ներգրաւել լուսանցքը, զայն մօտեցնել, յանձնառութեան բերել: Բացուելով տարածուիլ:

Կորիզի եւ լուսանցքի միջեւ հաւասարակշռութեամբ, մեր մշակոյթը միանգամայն պիտի դրուէր հաւասարակշիռ դիրքի` տեղական-շրջանային եւ համաշխարհային մշակութային ոլորտներու հետ: Եւ պիտի ըլլար շատ աւելի առողջ, պիտի չվախնար առճակատելու` տեղական թէ համաշխարհային տիրող մշակոյթներու հետ: Բազմամշակութայնութեան այս հաւասարակշռութիւններուն հասնիլը միայն կրնար ապահովել մեր գոյատեւումը, մեր առողջ հոլովոյթը` իբր ազգային հաւաքականութիւն:

«Բացումի», առճակատումի այսպիսի ընթացք մը մեզ զերծ պիտի պահէր ինչպէս մեկուսացումէ, այնպէս ալ տեղական մշակոյթներու շիլ յարումէ մը, օգնելով գտնելու ճիշդ դեղաչափ` զոյգ ուղղութիւններով: Մեզ պիտի պատուաստէր նաեւ տեղայնացումի փորձութիւններէ, լճացումէ: Եւ հոս ու հոն աճող սերունդի հատուածները, փոխանակ հեռանալու-ցրուելու, պիտի մօտենային իրարու, անպայման: Ստեղծելով հարուստ ֆոնտ մը հասարակաց գիծերու, ապահովելով անոր նկարագրային միութիւնը, այլազանութեան մէջ:

Բազմամշակոյթ պատուաստեալ, որակաւոր սերունդի մը աճեցումը դեռ պիտի նշանակէր` ե՛ւ Արեւմուտքի մեր համայնքներուն մէջ հայախօսութեան նոր թափ տալ  հոգե-մանկավարժական արդի մեթոտներու որդեգրումով, ե՛ւ Արեւելքի համայնքներու մէջ ձգտիլ հայ լեզուի ու մշակոյթի որակաւորման` տեղական ու համաշխարհային մշակոյթներու հետ հաշտ գոյակցութեան եւ փոխթափանցումի կրթական ռազմավարութեամբ մը:

Այսպէս է նաեւ, միա՛յն այսպէս, որ քաղաքական Դատ, Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում` պիտի ստանան իրենց շօշափելի պարունակը, բառացիօրէ՛ն իմաստաւորուին – երբ իրենց պաշտպանները ազգային լեզուա-մշակութային բովանդակութեամբ կենդանի, մարդկային համայնք դառնան, եւ ոչ քաղաքական բարձրախօսներու սարք մը…

Կը մնայ հարց տալ, թէ հիմա ո՞ւր ենք` յարաբերաբար այսպիսի հեռանկարի մը:

Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ,- թէ՞, այդ բոլորէն առաջ ու վեր, իբրեւ հետեւանք մեր սեփական կեցուածքին ու որոշումին  –  մեր դասալքութեան:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն – 73

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.