Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան Տեսակցեցաւ Քանատայի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

May 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-26-15_kal-17

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Քանատայի խորհրդարանին մէջ երէկ տեսակցեցաւ Քանատայի Համայնքներու տան նախագահ Էնտրիւ Շիրի հետ:

Գալուստ Սահակեան վստահեցուց, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ հայ-քանատական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման` իբրեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարեւոր տարր:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ իրականացուած ձեռնարկներուն եւ Քանատայի` այդ ձեռնարկներուն մասնակցելու մասին` Գալուստ Սահակեան նշեց, որ ատիկա հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան համար կարեւոր է ոչ միայն անգամ մը եւս պատմական փաստերը բարձրաձայնելու, այլեւ նման յանցագործութիւններուն «այլեւս երբեք» ըսելու առումով:

Գալուստ Սահակեան իր երախտագիտութեան  խօսքը յայտնեց Քանատայի Համայնքներու տան նախագահին` ապրիլի 24-ը Քանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան օր հռչակող բանաձեւին ընդունման համար:

Էնտրիւ Շիր շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական պատուիրակութեան Քանատա այցելութեան համար եւ նշեց, որ կարեւոր կը նկատէ նման հանդիպումները պաշտօնատարներու միջեւ: «Համագործակցութիւնը կը զարգանայ նման հանդիպումներով եւ երկխօսութեամբ», ըսաւ ան:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան  կազմին մէջ են պատգամաւորներ Վահրամ Պաղտասարեան, Յովհաննէս Սահակեան, Ռուզաննա Մուրատեան, Արտակ Զաքարեան, Թեւան Պօղոսեան, Իշխան Խաչատրեան, Հրանդ Բագրատեան, Լիովա Խաչատրեան եւ Աղուան Վարդանեան:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ պատուիրակութիւնը նաեւ տեսակցեցաւ  Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան  խորհրդարանական վեհաժողովի քանատական գործադիր խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ Հայաստանի` Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովին լիիրաւ անդամակցութեան մասին, որ ձեռք բերուած է վերջերս նաեւ քանատական կողմի աջակցութեամբ: Քննարկուեցաւ նաեւ հոկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ նախատեսուող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի կայացման հարցը:

Զրուցակիցները խօսեցան Քանատայի հայկական  գաղութին մասին, որ ըստ քանատական կողմին, օրինակելի է եւ մեծ ներդրում ունի երկրին մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդները Յայտարարեցին. «Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացումը Պիտի Քայքայէ Պետութիւնը»

Յաջորդը

Ըստ Անգարայի Քաղաքապետին ՔԱԿ-ը Հայկական Կազմակերպութիւն Է

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.