Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Մայրերու Օր Կազմակերպութեամբ «Յառաջ» Մանկապարտէզին

May 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

OK4A9712

Շաբաթ, 16 մայիս  2015-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդիսութիւն: Օրուան պատգամախօսն էր ազգային երեսփոխան,  տնտեսագէտ, համալսարանի դասախօս դոկտ. Սիւզի Սեմերճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, շեշտեց մօր զոհողութեանց ռահվիրայ մը ըլլալու բնազդային իրողութեան վրայ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ ազգային դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս կրթութեան մէջ մօր առանցքային դերը: Ապա ան ամփոփ գիծերով  ցասումի օրերուն հայ մօր կատարած յատկանշական դերին մասին խօսելով` հաստատեց, որ ի գին ամէն զոհողութեանց` հայ մայրերը յանձն առին  թրքական շղթաներէն փրկել իրենց  զաւակները: Ան յորդորեց հաւատարիմ մնալ Եղեռնի հայ մայրերուն տիպարին եւ ժառանգորդ` անոնց ուխտին:

Գեղարուեստական յայտագիրին ազդանշանը տուին, յաջորդաբար մօր նուիրուած հայերէն արտասանութիւններով, Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանները:

Կոկոնները հանդէս եկան արաբերէն արտասանութեամբ, իսկ Ծաղիկները` անգլերէն երգով:

OK4A9436OK4A9695Այնուհետեւ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու երգչախումբի «Ձնծաղիկ» երգին յաջորդեց  Ծաղիկ դասարանի պարը:

Իսկ Ա.Բ.Գ. դասարաններու երգչախմբային կատարումէն ետք դոկտ. Սիւզի Սեմերեճեան փոխանցեց պատգամը:

Ան 100-ամեակի առիթով ներկաներէն  խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած բազմահազար մայրերուն յիշատակը: Ապա ըսաւ. «Ճանչնանք մեր անցեալը, որպէսզի կարենանք կերտել մեր ապագան» բնաբանը ընդգծելով` ըսաւ. «Պէտք է գնահատենք 100 տարիներու ընթացքին մեր մայրերուն տարած աշխատանքը, որպէսզի անոնց վառած ջահը կրենք եւ զայն փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն»:

Դոկտ. Սիւզի լուսարձակի տակ առաւ 100 տարիներու ընթացքին հայ մայրերու հանգրուանային դժուարութիւններն ու նուաճումները հետեւեալ կարգաւորումով:

Խօսելով նախ նահատակ մայրերու մասին` ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան օրերուն անոնք հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են իրենց մայրական արժանապատուութիւնն ու առաքելութիւնը վառ պահելու գիտակցութեամբ: Ապա վերապրողներու պարագան նշելով` յայտնեց, թէ անոնք ոչինչէն սկսան հիմերը դնելու մեր ազգային կառոյցներուն: Անոնք հասցուցին հերոսական զաւակներ, սակայն արցունքն աչքերուն մահացան` առանց հայրենիքը տեսնելու: Բ. սերունդի մայրերուն ակնարկելով` դոկտ. Սիւզի ըսաւ. «Անոնց առաքելութիւնն էր ուսում ապահովել իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ անոնք ճիգ թափեցին զարգացնելու ազգային կառոյցները: Այս սերունդն էր, որ ոգեկոչեց Եղեռնի յիսունամեակը»:

Գ. սերունդի մայրերը կը գտնուէին հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց` պայքարելով ձուլումի եւ ընկերային վատ պայմաններու դէմ եւ ամրապնդելով հայկական արժէքները: Եւ վերջապէս, դոկտ. Սիւզի կեդրոնացաւ 100-ամեակի սերունդի մայրերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ` ըսելով, որ 21-րդ դարու մայրերը, որոնք օժտուած են գիտութեան եւ բարոյական բարձր արժէքներով, հաւատարիմ պէտք է մնան Եղեռնի նահատակներուն կտակին եւ խնամեն պահանջատիրութեան սերմերը իրենց զաւակներուն մէջ, քաջ գիտնալով, որ` «Ո՛ւր որ զօրաւոր ազգ գոյութիւն ունի, հոն կը գտնուին քաջասիրտ մայրեր»:

Դոկտ. Սիւզի իր խօսքը եզրափակեց վեհափառ հօր արտասանած խօսքէն մէջբերումով` «Հայ մայրով հայը հայ կը մնայ»:

Ութերորդ դասարանի աշակերտներէն Պարոյր Ղուկասեանի «Մայրերուն» ասմունքին յաջորդեց, Նայիրի Հապէշեանի խմբավարութեամբ, Դ.Ե.Զ. դասարաններու երգչախումբին ելոյթը երկու երգերով: Ապա միջնակարգի նազպարի եւ Գ.Դ. կարգերու ժողովրդական պարի ներկայացումները (գեղարուեստական ղեկավար` Ժիրօ Քեչեճեան)  յաւելեալ փայլք հաղորդեցին ձեռնարկին: Իւրայատուկ էր նաեւ երկրորդականի աշակերտներուն ելոյթը` Հեղնար Գազանճեանի մեներգով, որուն կ՛ընկերակցէին Վարանդ Հաճեան` սրինգով, Շաղիկ Հապէշեան` ջութակով եւ Շանթ Փալազեան` կիթառով:

Հանդիսութեան աւարտին վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան պատգամախօսին նուիրեց  յուշանուէր մը վարժարանին անունով, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Մեսրոպեանը Յանձնեց 70 Շրջանաւարտներէ Բաղկացած 100-Ամեակի Հունձքը

Յաջորդը

Համշէնահայերի Հարսանեկան Ծէսերը Եւ Աւանդոյթները*

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.