Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանը Յանձնեց 70 Շրջանաւարտներէ Բաղկացած 100-Ամեակի Հունձքը

May 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1493-copyIMG_2375Շաբաթ, 16 մայիս 2015-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները տօնեցին իրենց հերթական աւարտական հանդէսը: Աւարտականի իրենց վկայականները ստացան 70 մեսրոպեանականներ, որոնք նախապէս մասնակցած էին լիբանանահայ վարժարաններու աւարտականներու վկայականաց բաշխման միացեալ հանդիսութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Հանդիսութեան նախագահեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, օրուան պատգամը փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խըտշեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ  լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ Մեսրոպեանի վաստակին ու աւանդին ընդհանուր արժեւորումը կատարելով` դիտել տուաւ շրջանաւարտներուն, որ աւարտական հանդէսը իրենց ուսումնական կեանքին մէջ վերջակէտ չէ, այլ սկիզբ` նոր հանգրուանի մը: «Մենք կը սպասենք, որ դուք համալսարաններուն մէջ արձանագրէք փայլուն յաջողութիւններ, դառնաք յարգուած մասնագէտներ զանազան ասպարէզներու մէջ եւ կայանաք որպէս ընկերութեան լիարժէք ու գործունեայ անդամներ», ըսաւ տնօրէնը: Ապա անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդին` Կ. Գալուստ ըսաւ. «Անցած 100 տարին հայորդիներ պայքարեցան ընդդէմ ուրացումի եւ յանուն ճշմարտութեան, յանուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Ձեզմէ կը սպասուի, ու ձեզի կը մաղթենք, որ ըլլաք հատուցումի՛ պայքարին յաղթականները, ըլլաք այն սերունդը, որ վերականգնէ մեր ազգին իրաւունքները իր պատմական հայրենիքին մէջ ու ծաղկեցնէ նոր Հայաստանը, նոր հայութիւնը` ի փառս մարդկային քաղաքակրթութեան»:

Մեսրոպեանի տնօրէնը բարձրօրէն գնահատեց ծնողներու, ուսուցիչներու եւ վարժարանի բարեկամներուն ներդրումն ու մասնակցութիւնը դպրոցի վերելքին եւ եզրափակեց. «Կրթական հաստատութեան մը ճամբան աւարտ չունի. սերունդներ եկան` ուսանելու, սերունդներ կ՛երթան` աւարտելով ու վաղն ալ պիտի գան` նոյն նպատակներով. մեզի համար էականը այն է, որ անոնք մեսրոպեանական մնան, կարեւորը` ունենան ապահով ու փայլուն ապագայ, եւ ակնկալութիւնը, որ ծառայեն իրենց եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին»:

Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ աւարտականները գիտութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի զօրութեամբ յաջողութեամբ դիմագրաւեն կեանքին մարտահրաւէրները: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` երդուելու հաւատարիմ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արդար արիւնին եւ կենսագործել այն արժէքները, որոնց համար անոնք զոհուեցան:

Օրուան պատգամաբերը` Սեդա Խըտշեան, շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները անոնց կեանքին համար կարեւոր այս օրուան առիթով, շեշտեց գիտութեան եւ կրթութեան կարեւորութիւնը` երիտասարդ սերունդի ապագային համար եւ վեր առաւ այն դերակատարութիւնը, որ ուսեալ երիտասարդութիւնը կրնայ խաղալ ընկերութեան եւ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ: Ան մաղթեց, որ գիտութեամբ զինուած հայ երիտասարդութիւնը արժանաւոր կերպով շարունակէ յանուն արդարութեան հայ ժողովուրդի մղած պայքարը եւ այդպիսով նաեւ նպաստէ մարդկային ընդհանուր զարգացումին:

Աւարտականներու անունով խօսքեր արտասանեցին` Սթեֆանի Պալթայեան (հայերէն), Ճեսիքա Պեզճեան (ֆրանսերէն), Միրէյ Քէհէեան (արաբերէն) եւ Ժոզեֆ Փուլատօղլի (անգլերէն), իսկ Հասնա Պու Էլիաս հանդէս եկաւ ուսուցչական կազմին անունով արտասանուած խօսքով: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Անի Գասպարեան (նուագ)  եւ Արազ Խաչատուրեան (ասմունք),  մինչ բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու  աշակերտները ներկայացուցին խմբային երգեր, պարեր եւ ասմունք: Այնուհետեւ կայացաւ աւարտականներու կողմէ  «Մեսրոպեան վահան»-ի փոխանցումը` յառաջիկայ տարուան աւարտականներուն, իբրեւ խորհրդանիշ` սերունդէ սերունդ շարունակուող կրթական երթին:

Հանդիսութեան աւարտին վկայականներ ստացան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 33 շրջանաւարտներ  եւ Արուեստից վարժարանի 37 աւարտականներ` բարձրագոյն արհեստագիտութեան (TS) եւ  թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT)  տարբեր ճիւղերու մէջ:

Նախորդը

Հարիւրամեակի Հունձքով 29 Շրջանաւարտներ Եւս Կ՛աւելնան Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Ուռճացող Փաղանգին

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Մայրերու Օր Կազմակերպութեամբ «Յառաջ» Մանկապարտէզին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.