Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Սակի Հարցով ՀՅԴ-ն Պատրաստ Է Գործակցելու Բոլորին Հետ

May 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-24-15_ArdzvigԵլեկտրական հոսանքի սակի յաւելումի խնդիրի լուծման հարցով ՀՅԴ-ն պատրաստ է համագործակցելու քաղաքական ոեւէ ուժի հետ: Խորհրդարանական զրոյցներու ատեն այս մասին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան  պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:

Ըստ անոր, Հայաստանի ուժանիւթային համակարգը խոր եւ լուրջ քննութեան կարիք ունի: Պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է լուծել այդ բնագաւառին  խնդիրները առանց սակերու բարձրացման:

«Գլխաւոր դատախազի յայտարարութիւնը յոյս կու  տայ, սակայն կը փափաքէինք ատոր արդիւնքները տեսնել գործնական առումով», շեշտեց Մինասեան` անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի արտասանած խօսքին:

Ըստ Մինասեանի, երբ յանցագործութիւններու բացայայտումը կը ձգձգուի, իրաւապահ համակարգին հանդէպ անվստահութիւնը կ՛աճի: Խօսքը նաեւ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի եւ անոր ընտանիքին կապուած յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի տակաւին չբացայայտուած սպանութեան մասին է: «Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցը, համայնքի ղեկավարը օր ցերեկով սպաննուած էր: Կը կարծեմ, թէ այս սպանութեան բացայայտումը կը բարձրացնէր արդարադատութեան հանդէպ վստահութիւնը: Իսկ երբ գլխաւոր դատախազը  կ՛ըսէ, որ ոչինչ կ՛երաշխաւորէ, սակայն կ՛աշխատի ընել կարելին, նման խօսք մը յոյս կը ներշնչէ, բայց ոչ վստահութիւն: Ես կը հաւատամ Կոստանեանի խօսքին, բայց կ՛ուզեմ նաեւ շօշափելի արդիւնքները տեսնել», նշեց Մինասեան:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ պէտք է ակնկալել Ռիկայի արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին Հայաստանի մասնակցութենէն, եւ ի՞նչ զարգացում կրնան ունենալ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճիշդ մօտեցում որդեգրած է` չբացառել Եւրոպական Միութեան ընտանիքին հետ համագործակցութեան զարգացումը: Ըմբռնում կայ եւրոպական առաջատար երկիրներու կողմէ, որ պէտք չէ յաճախ ենթարկուիլ սադրիչ յայտարարութիւններու, թէ Հայաստան յայտնուած  է միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան ճիրանին մէջ: Պէտք է զարգացնել Ռիկայի վեհաժողովին մէջ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:

Lրագրողները ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին կարծիքը հարցուցին Սուրէն Խաչատրեանի դէմ մահափորձին վերաբերեալ:

Մինասեան նախ նշեց, որ նման հարցերը պէտք է իրաւական դաշտի մէջ լիարժէք կերպով քննուին: Ապա կատակեց. «Մէկ բան յստակ կրնանք ըսել, որ մենք կապ չունինք այդ կրակոցներուն հետ: Ատիկա էապէս կը նեղցնէ կասկածելիներու շրջանակը»:

Նախորդը

Բողոքի Ցոյց` Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացման Դէմ

Յաջորդը

5 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենին Անաղարտ Պահպանելու Մնայուն Կոչ

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.