Երէկ` ուրբաթ, 22 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան պատմութեան ու աւանդին շուրջ հարցազրոյց մը` Պոսթընի համալսարանի Քենոսեան ամպիոնի արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան վարիչ փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի հետ: Դոկտ. Փայասլեան Լիբանան կը գտնուի մասնակցելու համար Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» նիւթով գիտաժողովին: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով սուրիահայ գաղութի պատմութեան մասին` փրոֆ. Փայասլեան յայտնեց, որ հայկական գաղութը 1915-էն առաջ տարիներէ ի վեր արդէն գոյութիւն ունէր, սակայն Հայոց ցեղասպանութենէն ետք է, որ աւելի կազմուեցաւ եւ 1930-ական թուականներուն կազմակերպուեցաւ: 1940-50 թուականներուն այդ գաղութը արդէն բաւական բարգաւաճ եւ յաջող գաղութի մը վերածուած էր. յաջող` տնտեսապէս եւ մշակութային մակարդակի վրայ, եւ կրցաւ մշակոյթի եւ լեզուի անկախութիւն պահել:
Փրոֆ. Փայասլեան կարեւոր նկատեց 1930-ական թուականները, երբ տարբեր շրջաններէ եկած որբերը սկսան քաղաք փոխադրուիլ եւ տուներ կառուցել: Կարեւոր էր նաեւ յետ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակաշրջանը, մանաւանդ Հալէպի մէջ, երբ գաղութը կրցաւ կառավարութեան հետ շատ լաւ գործակցիլ:
Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան աւանդին, փրոֆ. Փայասլեան յայտնեց, որ երկու կարեւոր կէտեր գոյութիւն ունին. 1) Գաղութ մըն է, որ յստակօրէն ազգապահպանման օրինակ կրցաւ դառնալ այլ գաղութներու համար, 2) Հայկական վարժարաններու աշակերտները օտար երկիրներ երթալով` դարձան տեղւոյն ղեկավարները եւ եթէ ոչ ղեկավարները, առնուազն` մտաւորականները:
Խօսելով Հալէպի առաջնորդարանի կարեւորութեան մասին` ան ըսաւ, որ առաջնորդարանը կատարեց ճիշդ այն դերակատարութիւնը, որ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը կը կատարէր օսմանեան ժամանակաշրջանին, այսինքն` Բերիոյ թեմի առաջնորդը գաղութը ներկայացուց հոգեւոր եւ քաղաքական գետնի վրայ:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:


